ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԴՐԱԿԱՆ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի նոր վարակումները կ՚ընթանան կանխատեսուած մակարդակին վրայ։ Կը նուազի թիւը այն հիւանդներուն, որոնք արհեստական շնչառութեան կարիքը կը զգան։ Ըստ նախարարին, ապագայ օրերու կացութիւնը կախում ունի ձեռքի մաքրութեան նկատմամբ խնամքէ, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելէ ու դիմակ կրելէ՝ երկուքը համատեղ։ Իր խօսքով՝ աւելի լաւ արդիւնքը կախում ունի միջոցներու նկատմամբ աւելի հնազանդութենէ։

Ըստ նախարարութեան վիճակագրական տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 35 հազար 600 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 839 նոր վարակեալ։ Երէկ համաճարակի զոհ գնաց եւս 25 հոգի եւ այսպէսով Թուրքիոյ մէջ մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 4 հազար 540-ի։ Երէկուան դրութեամբ 989 հիւանդ առողջացած է։

Թուրքիոյ մէջ սկսած է առօրեայի բնականոնացման գործընթացը, որ յառաջ կը տարուի ծայր աստիճան զգուշութեամբ, նաեւ միջազգային կացութիւնը հաշուի առնելով։ Աշխարհի բոլոր երկիրները մէկ կողմէ ներկայ համաճարակին դէմ կը պայքարին, իսկ միւս կողմէ կը ձգտին կանխել երկրորդ ալիքի մը բարձրացումը։ Թուրքիոյ պարագային ալ խնդրոյ առարկայ է այս վիճակը։ Ըստ մասնագէտներու, երկրէն ներս 180 օրուայ ընթացքին վերջ պէտք է գտնեն նոր վարակումները։ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի հաստատուած առաջին դէպքը արձանագրուած էր 11 մարտին։ 180 օրուայ հաշուարկով 7 սեպտեմբեր թուականը մասնագէտներու բնորոշումով լուրջ անկիւնադարձ մը պիտի համարուի երկրին տեսակէտէ։ Այս բոլոր կանխատեսումները կը կատարուին սիմիւլասիոններու հիման վրայ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020