ԴՊՐՈՑԻ ՓԱԿՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ փակուեցաւ Ամմանի «Եիւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը։ Սա յորդանանահայութեան միակ հայկական կրթօճախն էր եւ դժբախտաբար կը դադրեցնէ իր առաքելութիւնը։
Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի հաղորդումներով, Ամմանի եւ շրջակայից առաջնորդական փոխանորդ Տ. Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեան վերջերս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին տեղեկացուցած է, որ Ամմանի հայկական վարժարանը ունի միայն 17 աշակերտ։ Անցեալ 21 մայիսին, Նորին Ամենապատուութիւնը պաշտօնական նամակ մը ուղարկած է փոխ-առաջնորդին։ Հիմնուելով դպրոցի հայ աշակերտութեան մասին փոխանցուած տեղեկութիւններուն վրայ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուցած է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը պիտի չկարենայ դպրոց մը բաց պահել տեղւոյն գաղութին համար։ «Ուրեմն, յետ այսու մենք դպրոցը փակուած կը նկատենք», տնօրինած է Նորին Ամենապատուութիւնը։