ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԿԱՄՔ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչի պոկումն ու «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հասած սպառնալիքները վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն զբաղեցուցին թրքահայութեան օրակարգը, նաեւ արդար մտահոգութեան պատճառ դարձան։ Շաբաթավերջին այս խնդիրները արդէն յորդեցան համայնքային կեանքի շրջանակէն եւ ընդհանուր հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Արդարեւ, իշխանութիւնները այնպիսի ազդու միջամտութիւններով եւ քաղաքական կամքով մը արձագանգեցին, որ այդ ցաւալի իրադարձութիւնները յանկարծ երկրի ընդհանուր օրակարգին վրայ գտան իրենց տեղը։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, Արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիք յստակ յայտարարութիւններով պետութեան կեցուածքը արտայայտեցին ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի խաչը պոկած անձնաւորութիւնը ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելէ վերջ ուղարկուած էր դատարան։ Դատախազութեան կողմէ ձերբակալուելէ վերջ ան ազատ արձակուած էր։ Այդ կէտին վրայ արդէն միջամտած են պատկան իշխանութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի հետ։ Ֆահրետտին Ալթուն տեղեկացուցած է, որ ազատ արձակուած յանցագործը ձերբակալուած է վերստին։

«Հրանդ Տինք» հիմնարկին ելեկտրոնիկ նամակներով սպառնալիքներ հասցէագրած Հ. Ա.-ն ալ ոստիկանութեան կողմէ շաբաթավերջին հսկողութեան տակ առնուեցաւ Գոնիայի մէջ։ Իր առաջին հարցաքննութեան ժամանակ ան յայտնած է, որ ատրպէյճանցի ընկերուհին իրեն պատմած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայոց կողմէ կատարուածները եւ ինք մնացած է անոնց ազդեցութեան տակ։ Ենթական հարցաքննութեան համար բերուած է Իսթանպուլ։ Ան նախապէս ալ գործած է յանցանքներ՝ գիտակցաբար վիրաւորման, սպառնալիքի եւ անարգանքի արարքներով։

Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր այս երկու իրադարձութիւններու լոյսին տակ հանդէս եկան կարեւոր յայտարարութիւններով։ Սիւլէյման Սոյլու ընդգծեց, որ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ խաչը պոկած խափանարարը 24 ժամուայ ընթացքին, իսկ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին սպառնացած խափանարարը իսկոյն ձերբակալուած են։ «Խափանարարութիւններու թոյլ չենք տար», ըսաւ նախարարը։ Իր կարգին, Ապտուլհամիտ Կիւլն ալ յայտնեց, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին դէմ ուղղուած սպառնալիքը տգեղ խափանարարութիւն մըն է ու կը թիրախաւորէ հասարակութեան համերաշխութիւնը, միասնութիւնն ու միութիւնը։ Իր խօսքով՝ ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի, թէ ենթակաները օրէնքի առջեւ հաշիւ պիտի տան։

Կառավարութեան անդամներուն առընթեր, իշխանական ճամբարէն այլ յառաջատար անուններ եւս վճռակամօրէն արձագանգեցին այս իրադարձութիւններուն։ Էօմէր Չելիք յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ խափանարարութիւններու եղանակը փակուած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան ընդգծեց, որ թոյլ պիտի չտրուին նման խափանարարութիւններուն։ Իր խօսքով՝ սրբավայրերը, հիմնարկները, միութիւնները կամ հայրենակիցները թիրախաւորած սպառնալիքներու աղբիւրն է Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւնը։ Զանազան գործակատարներ ունենալով հանդերձ, այդ բոլորի ետին կը գտնուին նոյն լծակները։ Ոմանց կը թուի, թէ զանազանութիւնները մեր երկրին տեսակէտէ խոցելի վիճակներ կը ստեղծեն ու կը ջանան հրահրել։ Բայց եւ այնպէս, իւրաքանչիւր անգամ կը հասկնան, որ անոնք մեր եղբայրութեան կամուրջներն են։ «Այս երկրին մէջ ամէն մարդ առաջին կարգի քաղաքացի է. մէկ ենք ու միասնական», ըսաւ Էօմէր Չելիք։

Երէկ առաւօտեան ժամերուն ալ Իպրահիմ Քալըն հեռատեսիլի վրայ ուղիղ եթերով անդրադարձաւ այս իրադարձութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ թէ՛ Գուզկունճուքի դէպքի եւ թէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հասած սպառնալիքներու պարագային իսկոյն միջամտած են Ներքին գործոց նախարարութիւնը, Իսթապուլի Անվտանգութեան տնօրէնութիւնը, նաեւ դատախազները։ Երկու դէպքերու պարագային ալ հեղինակները ձերբակալուած են։ Իպրահիմ Քալըն ըսաւ.

«Մենք բացարձակապէս չենք հանդուրժեր այսպիսի երեւոյթներու։ 18 տարիէ ի վեր, մեր Հանրապետութեան նախագահի առաջնորդութեամբ, հարցուցէք ոեւէ ոչ-իսլամ քաղաքացիի մը, թէ հաւասար քաղաքացիութեան տեսակէտէ ինչպիսի զգացում մը ունին իրենք։ Անոնց հետ շարունակ կապի մէջ ենք՝ կրօնական տօներու առիթով կամ իրենց պահանջներու պարագային։ Իրենք ալ տեղեակ են, թէ այս հարցով որքան արագ հաղորդակցութեան դրութիւն մը կը բանի»։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն ալ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Գուզկունճուք՝ Սկիւտարի քաղաքապետ Հիլմի Թիւրքմէնի ընկերակցութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Գուզկունճուքի թաղապետ Ալի Ֆաիք Քափթան։ Հիւրերը ընդունուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ։ Իմամօղլու յայտնեց, որ սրբավայրի մը դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը բոլորը թիրախաւորած կը համարուի։ «Ոեւէ մէկը չի կրնար խանգարել մեր միասնականութիւնը», այցելութեան ընթացքին ըսաւ քաղաքապետը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020