ՊԵՐՄՈՒՏԱՅԻ ԵՌԱՆԿԻՒՆԸ

Աշխարհի վրայ եղած են ու կը շարունակեն տեղի ունենալ բազմաթիւ առեղծուածային երեւոյթներ, իրադարձութիւններ, որոնցմէ մէկն է Պերմուտա եռանկիւնը։ 

Պերմուտա եռանկիւնը Ատլանտեան ովկիանոսի Պերմուտա կղզիները, Ֆլորիտա թերակղզին ու Փուէրթօ Ռիքոն միացնող երեւակայական գիծերով կազմուած եռանկիւնն է։

Տասնամեակներ շարունակ Պերմուտա եռանկիւնը առընչուած է զանազան առասպելներու եւ առեղծուածային երեւոյթներու հետ։ Նախորդ դարու առաջին կէսին Մայամին, Փուէրթօ Ռիքոն եւ Պերմուտա կղզիները միացնող երեւակայական եռանկիւնի տարածքին տեղի ունեցած են դժբախտ պատահարներ, որոնցմէ մի քանին տակաւին չէ բացայայտուած։ Այդտեղ կորսուած են բազմաթիւ նաւեր եւ օդանաւեր՝ առանց որեւէ աղէտի ազդանշանի կամ հետք թողելու։ Այդ շրջանին յայտնաբերուած են լքուած նաւեր, սակայն չեն գտնուած աղէտեալներու դիակները։ Նման «համբաւ»ի համար Պերմուտա եռանկիւնը կոչուած է նաեւ «դժոխքի օղակ», «վհուկներու ծով», «կորսուած նաւերու ծովախորշ», «սատանայի եռանկիւն» եւ այլն։

Պերմուտայի եռանկիւնը դարեր շարունակ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւած է, այնտեղ տեղի ունեցող խորհրդաւոր աղէտներու պատճառով։ Օրինակ՝ 1918 թուականին Պարպատոսէն դէպի Պալթիմոր ուղեւորուող բեռնատար նաւ մը կը կորսուի Պերմուտայի եռանկիւնի տարածքին։ 1945 թուականին կը կորսուի փորձարկումներ կատարող հինգ ռազմական օդանաւեր։ Օր մը անց կը վթարի կ՚ենթարկուի փրկարարական որոնում իրականացնող օդանաւ մը։ Իսկ 1948 եւ 1949 թուականներուն կը կորսուին երկու օդանաւեր…

Գաղտնիք չէ, թէ մարդոց մեծ մասը կը հետաքրքրէ խորհրդաւոր կամ անլոյծ դէպքերը, հետեւաբար վերոնշեալ մի քանի դժբախտ պատահարները որպէս նիւթ օգտագործած են շարք մը լրագրողներ ու հեղինակներ։ 

1964 թուականին Վինսընթ Կետիս Պերմուտայի եռանկիւնի տարածքին կորսուած օդանաւի մը մասին գրի առած յօդուածը հիմքը հանդիսացաւ «Պերմուտայի եռանկիւն»ի հասկացողութեան։ Իսկ 1974 թուականին լոյս տեսաւ Չարլզ Պերլիթզի «Պերմուտայի եռանկիւնը» եւ Ռիչըրտ Ուինըրի «Սատանայի եռանկիւնը» գիրքերը, որոնք կը քննարկէին գերբնական երեւոյթներու առկայութիւնը այդ տարածքէն ներս։ Այժմ եւս կարելի է զուգադիպիլ շարժանկարներու կամ վաւերագրական ժապաւէններու, որոնք կը ներկայացնեն սխալ փաստեր կամ կը պնդեն, թէ Պերմուտայի եռանկիւնի առեղծուածը դեռ լուծուած չէ գիտնականներու կողմէ։

Նաւարկութեան սխալներ, վթարուած օդանաւեր, նաւերու գերծանրաբեռնում, ինչպէս նաեւ տարածքի կլիմայական պայմանները դժբախտ պատահարներու պատճառներէն կը համարուին։ Աւստրալացի գիտնականներ Պերմուտայի եռանկիւնի առեղծուածը գիտականօրէն կը բացատրեն, թէ ովկիանոսի յատակը տեղի ունեցած ցնցումներու պատճառով ովկիանոսի մակերեսը կը բարձրանայ մեթան կազը եւ կը փոխէ ջուրի խտութիւնը, որու հետեւանքով ալ տեղի կ՚ունենան նաւերու յանկարծակի ընկղմումներ: Մեթանը կրնայ նաեւ ջուրէն բարձրանալ օդ եւ փոխել օդի խտութիւնը: Հետեւաբար օդանաւերը կամ ուղղաթիռները հակակշռէ դուրս կու գան ու կ՚ընկղմին ովկիանոսի յատակը։ Առաւե՛լ՝ «Կոլֆ սթրիմ»ը եւ Ատլանտեան ովկիանոսի հոսանքները երբեմն պատճառ կ՚ըլլան եղանակի անսպասելի փոփոխութեան։ Չյայտնաբերուած նաւաբեկորները կրնան այս հոսանքներու պատճառաւ հեռանալ դէպքի վայրէն՝ ստեղծելով անբացատրելի անհետացումներու թիւր տպաւորութիւն։ 

Անշուշտ, կարելի չէ հերքել, որ այստեղ տեղի ունեցած են անլոյծ պատահարներ եւ այս տարածքի վրայէն ճամբորդելը բացարձակապէս ապահով չէ։ Պէտք է հասկնալ, թէ եթէ որեւէ դէպք բացայայտուած չէ, սա չի նշանակեր, որ գործին խառնուած են գերբնական երեւոյթներ կամ գործօններ։ Օրինակ՝ երբ կը խօսինք չբացայայտուած յանցագործութիւններու մասին, բնականաբար կը հասկնանք, որ գործի չբացայայտուած ըլլալը պայմանաւորուած է մեր բաւարար տեղեկութիւն չունենալով։ Նոյն տրամաբանութեամբ պէտք է մօտենալ նաեւ Պերմուտայի եռանկիւնի տարածքին տեղի ունեցած դժբախտ պատահարներու պարագային։ 

Ուսումնասիրութեան մը համաձայն, Պերմուտայի եռանկիւնի տարածքին տեղի ունեցած չբացայայտուած դէպքերը աւելի շատ չեն, քան այլ ծովային տարածքներու վրայ, ուր կայ յաճախակի երթեւեկութիւն։ Նոյնպէս եթէ խոշորացոյցի տակ առնենք կորսուած օդանաւերու դէպքերը, ապա կը տեսնենք, թէ օդանաւեր կորսուած են նաեւ մոլորակի այլ հատուածներու վրայ։ Արդարեւ, վերջին տասնամեակի ընթացքին ծովային դժբախտ պատահարներով ուշագրաւ տարածքներու շարքին են Հարաւէչինական, Սեւ, Հիւսիսային ծովերը, սակայն Պերմուտայի եռանկիւնը ընդգրկող տարածքներու մասին ոչ մէկ խօսք գոյութիւն ունի։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020