ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԹԷ՛ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԵՒ ԹԷ ՄԱՂԹԵՑ ԱՐԱԳ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտէ երէկ Երեւանէն հաղորդուած լուրերը բաւական հետաքրքրական էին։ Արդարեւ, երէկ վարչապետի ծննդեան տարեդարձն էր եւ այդ նոյն օրը յայտնի դարձաւ, որ թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ իր ընտանիքի անդամները վարակուած են քորոնաժահրով։ Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Փութինի հեռախօսազրոյցը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին թէ՛ շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանի տարեդարձը ու մաղթեց յաջողութիւններ եւ թէ քաջառողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց իրեն եւ ընտանիքի անդամներուն։ Հարկ է նշել, որ Փութին գրաւոր շնորհաւորական մըն ալ ուղարկած էր Փաշինեանին։
Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած իրավիճակին եւ ապագայ հաւանական զարգացումներուն շուրջ։ Անոնք այս ամբողջին մէջ քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւններու միջեւ համագործակցութեան հարցերը։ Փութին ընդգծեց համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին Երեւանին աջակցելու Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը։
Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան նաեւ Բ. Աշխարհամարտի յաղթանակով աւարտի 75-ամեակին կապակցութեամբ Մոսկուայի մէջ 24 յունիսին նախատեսուած շքերթին։ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց այդ առթիւ օրեր առաջ իրեն ուղարկուած պաշտօնական հրաւէրին համար։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յոյս յայտնեց, թէ մինչ այդ ապաքինած կ՚ըլլայ ու կը կարողանայ մասնակցիլ յոբելեանի կապակցութեամբ նախատեսուած բոլոր ձեռնարկներուն։
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան ծննդեան տարեդարձին առթիւ շնորհաւորականներ ալ ստացաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինէն եւ նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու ղեկավարներէն։