ԵՄ ՄԵԾ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) քորոնաժահրի համաճարակի յաջորդելիք ժամանակաշրջանին համար ձեռնարկած է վիթխարի ծրարի մը պատրաստութեան։ ԵՄ-ի երկիրներու տնտեսական վերականգնման հետամուտ այս աշխատանքներուն շուրջ վերջերս բացատրութիւններ տուաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն։ ԵՄ-ի երկիրներու տնտեսութիւնը համաճարակի հետեւանքով ենթարկուած է մեծ հարուածի մը։ Այժմ Եւրոյանձնաժողովի կողմէ պատրաստուած ծրարը կը նախատեսէ 750 միլիառ եւրոյի մակարդակով միջոցներ շրջանառութեան մէջ դնել՝ յաղթահարելու համար ստեղծուած ծանր կացութիւնը։ Այդ գումարին 500 միլիառ եւրոն պիտի ունենայ դրամաշնորհի բնոյթ, իսկ մնացեալ 250 միլիառ եւրոն պիտի տրամադրուի որպէս վարկ։ Սոյն ծրարին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու ժամանակ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը ներկայիս շրջադարձի մը դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ըստ յանձնաժողովի նախագահին, այս ծրարով հնարաւոր պիտի ըլլայ ԵՄ-ի համար ստեղծել կանաչ, թուային եւ դիմադրունակ ապագայ մը։
Այժմու կանխատեսումներով, ԵՄ-ի տնտեսութիւնը այս տարի պիտի փոքրանայ 7 տոկոսով։ Եթէ համաճարակի պարագային երկրորդ ալիք մը բարձրանայ ու մեկուսացման նոր միջոցներ անհրաժեշտ դառնան, ապա այդ համեմատութիւնը կրնայ բարձրանալ մինչեւ 16 տոկոս։ Նման կանխատեսումներու միջավայրին մէջ հրապարակուած վիթխարի ծրարի պարագային առիւծի բաժինը պիտի վիճակի Իտալիոյ եւ Սպանիոյ. երկիրներ, որոնք իսկապէս շատ ծանր տարին քորոնաժահրի համաճարակը։ Այսպէս, Իտալիոյ համար նախատեսուած է 173 միլիառ եւրօ, որու 82 միլիառը պիտի ըլլայ դրամաշնորհ։ Սպանիոյ համար նախատեսուած է 140 միլիառ եւրօ, որու 77 միլիառը պիտի ըլլայ դրամաշնորհ։ Գերմանիան ու Ֆրանսան ալ պիտի օգտուին այս միջոցներէն, սակայն անոնք պիտի կարենան դրամաշնորհներ ունենալ, սակայն պիտի չկարողանան օգտուիլ վարկերէ։
Եւրոմիութեան 2021-2027 շրջանի բազմամեայ պիւտճէի պարագային Եւրոյանձնաժողովի առաջարկը եղած է 1.1 եռիլիոն եւրօ։ Պիւտճէով ու միւս տարրերով ԵՄ-ի ստեղծելիք աղբիւրները պիտի բարձրանան 2.4 եռիլիոն եւրոյի մակարդակի։ Այս առաջարկի ընդունման համար անհրաժեշտ է ԵՄ-ի անդամ երկիրներու եւ Եւրոխորհրդարանի հաւանութիւնը։
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Միւս կողմէ, Եւրոմիութիւնը ձեռնամուխ կ՚ըլլայ նաեւ առողջապահական նոր ծրագրին, որու ծաւալը կը հասնի 9.4 միլիառ եւրոյի։ Պրիւքսելի մէջ այս ծրագրին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Եւրոյանձնաժողովի առողջապահութեան ու սնունդի անվտանգութեան կոմիսար Սթելլա Քիրիաքիտես, որու խօսքով առողջապահութեան վերաբերեալ հաւանական նոր փորձութիւններու դէմ պէտք է ըլլալ պատրաստ։ Ըստ իրեն՝ ԵՄ-ի 2021-2027 շրջանի պիւտճէէն 9.4 միլիառ եւրօ պիտի յատկացուի այս առողջապահական ծրագրին համար։ Քիրիաքիտես դիտել տուաւ, որ առողջապահութեան պարագային Եւրոմիութեան յարացոյցները ենթարկուած են փոփոխութեան եւ առաջնահերթ դարձած է քաղաքացիներու առողջութիւնը։ Այս նոր ծրագրով կը նախատեսուի կուտակել այն անհրաժեշտ բժշկական իրերը, որոնք կ՚օգտագործուին ճգնաժամային կացութիւններու ժամանակ։ Տագնապներու դէմ աւելի արագ միջամտութիւն իրագործելու նպատակով պիտի ստեղծուի նաեւ առողջապահական աշխատողներու պահեստը։ Նոյն ծրագրի հիման վրայ առողջապահական աշխատողները վերապատրաստման դասընթացքներէ պիտի անցուին եւ այդ կրթական աշխատանքին առընթեր շատ աւելի մօտէն պիտի հետապնդուին առողջապահական սպառնալիքները։
Այս ծրագրի գործադրութեան համար ալ նոյնպէս անհրաժեշտ է Եւրոխորհրդարանի եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու հաւանութիւնը։