ՔՈՃԱ ՄԻՇՏ ՎԵՐԱՊԱՀ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուած եւ առողջացածներու թիւը մօտեցած է 130 հազարի սահմանը։ Երէկ, համաճարակի հետեւանքով Թուրքիոյ մէջ մահացաւ եւս 23 հոգի եւ այսպէսով զոհերու ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 4 հազար 563-ի։ Նոր վարակեալներու թիւը կը շարունակէ նուազիլ։

Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վերջին վիճակագրական տուեալներով՝ երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ 31 հազար 525 նոր քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 827 նոր վարակեալ։ Երէկ առողջացած հիւանդներու թիւը եղաւ 794։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 651 հիւանդ։ 283 վարակեալ ենթարկուած է արհեստական շնչառութեան։

Նախարար Քոճա ընդգծեց, որ նոր դէպքերու թիւը կը մնայ նախատեսուած մակարդակի վրայ։ Յառաջիկայ օրերուն տեսակէտէ ան մասնաւորապէս կարեւորեց ձեռքերու մաքրութիւնը եւ ի շարունակութիւն դիմակ կրելն ու ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելը՝ երկուքը միասին։ Նախարարը երէկ երեկոյեան ժամերուն ընկերային ցանցերու միջոցաւ կատարած յայտարարութեան մէջ կրկնեց վերջին օրերու կարգախօսը, թէ աւելի լաւ արդիւնքները կախում ունին աւելի բծախնդիր նախազգուշական միջոցներէ։ Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց նաեւ, որ կը նուազի նաեւ թիւը այն հիւանդներուն, որոնք արհեստական շնչառութեան կարիքը կը զգան։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020