ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ԼՈՆՏՈՆ ՍԵՐՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռավար զրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերով մշտական քարտուղար Ուէնտի Մորթընի հետ։ Անգլիական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս զրոյցը, որու ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան շնորհաւորեց Ուէնտի Մորթընի նշանակումը եւ անոր յաջողութեան մաղթանքներ յղեց կարեւոր առաքելութեան մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ գործնական քայլերու ձեռնարկելու համար Երեւան-Լոնտոն յարաբերութիւններուն նոր լիցք մը հաղորդելու եւ երկկողմանի համագործակցութիւնը առաւել խորացնելու ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցան զանազան մակարդակներով քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացումը՝ մարդոց միջեւ շփումներու խթանման միջոցաւ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ուէնտի Մորթըն կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով յառաջացած մարտահրաւէրներու եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ թէ՛ համաշխարհային եւ թէ ազգային մակարդակի վրայ ձեռնարկուած քայլերու շուրջ։ Նախարար Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ նախաձեռնուած լայնածաւալ բարեփոխումներով յառաջ ընթանալու ուղղութեամբ։ Այդ բարեփոխումները նպատակ ունի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան առաւել ամրապնդումը։

Հեռավար զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի վերաբերեալ շարք մը հարցերուն։ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումն ու մօտեցումները։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020