ԿԱՊԻԿԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ…

Հեռուստատեսային տաղաւարի մէջ կապիկը յարձակած է եգիպտացի հաղորդավարի վրայ։ Այսպէս, եգիպտացի հաղորդավարուհի Լոպնա Ասալ հարցազրոյցի ժամանակ ստիպուած է փախչիլ սթիւտիոյէն՝ կապիկի յարձակելու պատճառով: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «El Watan» պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ միջադէպը տեղի ունեցած է «Al Hayat» հեռուստաընկերութեան եթերի ընթացքին:

Լոպնա Ասալ իր գործընկեր Հիւսսամ Հաթթաթի հետ  հարցազրոյց կը վարէր, անոնք տաղաւարի մէջ կը հիւրընկալէին եգիպտացի դերասան Իպրահիմ էլ Սամմանը, որ եկած էր կապիկին հետ: Վերջինիս հետ ան նկարահանուած էր հեռուստածրագրի մը ընթացքին:

Մինչ Հիւսսամ Հաթթաթ եւ Իհրահիմ էլ Սամման կը զրուցէին, Լոպնա Ասալ կապիկը տարաւ իր մօտ՝ բռնելով կապէն: Մի քանի վայրկեան վերջ ան սկսաւ խաղալ կենդանիին հետ, սակայն կարճ ժամանակ անց կապիկը հակառակ արձագանգեց եւ յարձակեցաւ հաղորդավարուհիին վրայ: Զարմացած հաղորդավարուհին բղաւեց եւ փորձեց հեռացնել կապիկը, այնուհետեւ ստիպուեցաւ փախչիլ տաղաւարէն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020