ՆԱԶԱՆԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԱՌՈՂՋԱՑԱԾ

Հայաստանի Նորքի տուն-ծերանոցէն 101-ամեայ Նազանի Սիմոնեան յաղթահարած է COVID-19-ը եւ դուրս եկած հիւանդանոցէն։ Այսպէս, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնէն երէկ դուրս եկած է նոր քորոնաժահրով վարակեալ 101-ամեայ Նազանի Սիմոնեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ գրած է բժշկական կեդրոնի պատասխանատուներէն Ծովինար Խաչատրեան։

«1919 թուականին ծնած Նազանի Սիմոնեան մայիսի 16-ին Նորքի տուն-ծերանոցէն նոր քորոնաժահրի վարակով նախնական ախտորոշմամբ տեղափոխուած էր «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն: Հետազօտութիւններու արդիւնքին ախտորոշուած էր քորոնաժահրի հիւանդութիւն՝ երկկողմանի թոքաբորբով: Վիճակը գնահատուած էր ծանր՝ հաշուի առնելով նաեւ անոր յառաջացեալ տարիքը:

«Աւելի քան շաբաթ մը ան գտնուած է վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, ստացած է համարժէք դեղօրայքային բուժում, վիճակի որոշակի կայունացումէ յետոյ տեղափոխուած է ծերանոցի յատուկ բուժման բաժինը՝ բուժումը շարունակելու համար», նշած է Խաչատրեան եւ յաւելած՝ որ բուժման աւարտին քննութեան ստուգման կրկնակի բացասական պատասխանէն յետոյ Նազանի Սիմոնեան կատարեալ բուժուած է ու դուրս եկած հիւանդանոցէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020