ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑ ԱՐՏԱԴՐԵԼՈՒ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ամէն օր հետեւողական ձեւով հրապարակել վիճակագրական տուեալներ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 32 հազար 325 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 765 նոր վարակեալ։ Երէկ առողջացաւ 974 հիւանդ։ Նոյնպէս երէկ 22 հոգի մահացաւ եւ զոհերու ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 4 հազար 585-ի։ Թուրքիոյ մէջ ցայսօր առողջացածներու թիւը հասած է 129 հազար 921-ի։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 633 հիւանդ։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ վարակեալներու թիւն է 271։

Մինչ այդ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքոյի հետ։ Անոնք որոշեցին համատեղ աշխատանք տանիլ՝ քորոնաժահրի դէմ դեղամիջոցի եւ պատուաստանիւթի արտադրութեան ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020