ՀՈՐԻԶՈՆԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նիստը։ Վերջին անգամ յունուարի 30-ին տեղի ունեցած էր խորհուրդի ժողովը։ Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով ընթացքին կարելի չէր եղած չորս ամիս ժողով գումարել։ Ի վերջոյ, երէկ, նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որ տեւեց 3 ժամ 20 վայրկեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները։ Նիստէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ վճռակամութեամբ անդրադարձ կատարուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը մատնանշեց Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ Թուրքիոյ զգայնութիւնը։ Վերահաստատուեցաւ, որ վճռակամութեամբ պիտի շարունակուին Անգարայի նախաձեռնութիւնները, որպէսզի սուրիացիները կարենան իրենց երկիրը վերադառնան յօժար, արժանապատիւ եւ անվտանգ ձեւով։ Այս ամբողջին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ տարածքաշրջանի ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրագործումը։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ արեւելեան Միջերկրականի իրադրութիւնը։ Այսպէս, շարք մը դերակատարներ հակաթրքութեան հասարակաց յայտարարին վրայ միաւորուելով ժխտական մօտեցում կը ցուցաբերեն՝ Թուրքիոյ Միջերկրականի վերաբերեալ իրաւական եւ օրինական քայլերուն դէմ։ Ուստի, անզիջում ձեւով պիտի պաշտպանուին երկրի ցամաքի, ծովու եւ օդի վերաբերեալ իրաւունքները, շահերն ու հետաքրքրութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020