ՅԻՇԵԼՈՎ ՊԵՐՃ ՊՌՕՇԵԱՆԸ

3 յունիսը՝ հայ անուանի գրող, թատերագիր Պերճ Պռօշեանի ծննդեան օրն է։ Անոր ծննդավայրը  Աշտարակն է: Ընտանիքը զբաղած է դերձակութեամբ: Հայրը միշտ ուշադրութիւն դարձուցած է իր որդիներու կրթութեան, որու շնորհիւ ալ Պերճ Պռօշեան ուսանած է Թիֆլիզի նշանաւոր Ներսէսեան դպրոցին մէջ, ապա արքունական վարժարանի երդիքին տակ: Երիտասարդ, գեղեցիկ, կրթուած, լայնաթիկունք երիտասարդը վերադարձած է հայրենի տուն՝ ընտրելով ուսուցիչի առաքելութիւնը: Շարունակած է իր գործունէութիւնը Թիֆլիզի, ապա Հայաստանի զանազան վայրերու մէջ։

«Չափազանց պարզ, ճշդախօս, ընտանիքին նուիրուած: Խօսած է շատ բարձր, կատակած ու լիաթոք ծիծաղած»: Այսպէս նկարագրած են ժամանակակիցները հայ մեծանուն գրող Պռօշեանը։

Պերճ Պռօշեան  երիտասարդ տարիքէն ուսումնասիրած է քրիստոնէութիւնը, մեծ կարեւորութիւն տուած է հաւատքին, եղած է հայ հոգեւոր հայրերու  բարեկամը:  Քառասուներկու տարեկանին հոգեւոր դպրոցներու տեսուչ նշանակուած է: Պերճ Պռօշեան փափաքած է քահանայ դառնալ, այդ գաղափարը ունեցած է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Ան թէեւ մեծարած է  Հայ եկեղեցին, հայ հոգեւորականները, կրօնասէրները, սակայն միեւնոյն ժամանակ բարձրաձայնած է հոգեւոր կեանքի մէջ առկայ խնդիրներու մասին:

Գրողը մտահոգուած է իր ժողովուրդի ընկերային վիճակով, ազգային ազատութեամբ, բարքերու պահպանման հարցերով։ «Նահապետական պարզ սովորութիւնները օր ըստ օրէ կ՚անհետանան, բարեկամութիւն, հարեւանութիւն սուրբ բառերը իրենց նշանակութիւնը միմիայն քաղաքավարութեան ձեւերու մէջ կը պահեն», ըսած է հեղինակը «Հարցի խնդիրը» վէպին մէջ։

Վիպագիր Պերճ Պռօշեան ծնած է 3 յունիս 1837 թուականին, Աշտարակ գիւղը։ Ան աշակերտած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ ապա Թիֆլիզի Ներսէսեանին, ուր կատարելագործած է իր հայեցի կրթութիւնը։ Պռօշեան վարած է ուսուցիչի պաշտօն Թիֆլիզի, Շուշիի, Երեւանի, Աստրախանի եւ Ագուլիսի մէջ։ Այսպէսով առիթը ունեցած է ճանչնալու հայ ժողովրդական բարքերը, ապրումները, որոնց արձագանգը տուած է իր վէպերուն մէջ ազգագրական ուղղութեամբ։ 1887-1898 թուականներու միջեւ հայերէն դասաւանդած է Ներսէսեան վարժարանին մէջ։ Պերճ Պռօշեան մահացած է 23 նոյեմբեր 1907 թուականին, Պաքուի մէջ ու թաղուած՝ Թիֆլիզի Խոջիվանքի գերեզմանատունը։

Ըստ Նիկողայոս Աղայեանի տուած նկարագրութեան (իր ինքնակենսագրութեան մէջ), Պերճ Պռօշեան շատ պարզամիտ ու բնական մարդ էր, որ չէր յարգեր կենցաղագիտական պատշաճութիւնները։ Իր ըմբռնումներով եւ աշխարհայեացքով ալ խիստ պահպանողական մը եղած է։

Պռօշեանի վէպերն են՝ «Սօս եւ Վարդիթեր» (1860), նիւթը առնուած Աշտարակի կեանքէն. ասիկա իր առաջին գործն է, շատ մօտ նմանութեամբ Աբովեանի վէպին։ Յետոյ «Կռուածաղիկ» (1878), «Հացի խնդիր» (1880), «Շահէն» (1883), առնուած նմանապէս Աշտարակի կեանքէն ու բարքերէն։ Վերջին շրջանի վէպերը եղան «Ցեցեր» (1889), «Բղդէ» (1890), «Սկիզբն երկանց» (1892), «Յունօն» (1900)։

Հեղինակ է նաեւ կարգ մը պատմուածքներու. ինչպէս, «Նա», «Մեր Խէչօն», «Աքցիզչի», «Միքէլ Աղենց Աբդիւլը», եւ ինքնակենսագրութեան մը՝ «Յուշիկներ» խորագրեալ։

ակըւնակեւիապէս ըսաւ. «՚եց յորդորներ։ կայացուցիչները՝ կան ժողովի ատենապետ, ՊատրիարքականԱթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթու

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020