ԹՈՒՐՔԻԱ-ԼԻՊԻԱ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՅ

Հարապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան երկար ընդհատումէ մը վերջ ընդունեց օտարերկրեայ ղեկավար մը։ Կը հաղորդուի, որ երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին որոշուած է ընդլայնել Թուրքիա-Լիպիա համագործակցութիւնը։ Նախագահ Էրտողան շուրջ երեք ժամ կարեւոր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ֆաիզ Էս-Սարրաճի հետ, որ կը գլխաւորէ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը։

Բանակցութիւններէն վերջ Էրտողան եւ Էս-Սարրաճ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է՝ Լիպիոյ մէջ ժամ առաջ կայունութեան վերահաստատուիլը։ Առկայ տագնապի սկիզբէն ի վեր թրքական կողմը պաշտպանած է այն մօտեցումը, թէ լուծումը կրնայ ըլլալ միայն ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ եւ լիպիացիներու գլխաւորութեամբ ընթանալիք քաղաքական գործընթացի մը հաստատումով։ Էրտողան շատ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ նաեւ զօրավար Հաֆթերի դէմ, որ փորձած է պետական հարուած մը կատարել Լիպիոյ մէջ եւ պատճառ դարձած՝ ներքին պատերազմի։

Իր կարգին, Ֆաիզ Էս-Սարրաճն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած պատմական ու համարձակ դիրքորոշման համար։

Լիպիոյ բանակը վերջին շրջանին Թուրքիոյ զօրակցութեամբ կ՚արձանագրէ կարեւոր յառաջխաղացում եւ կը զսպէ զօրավար Հաֆթերի զօրքերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս վերջ գտած են Թրապլուսը ձեռք անցընելու Հաֆթերի յոյսերը։  

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020