ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԱՂԵՑ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԷՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ իր անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը յայտնեց քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Ան խնդրեց տեղեկութիւններ եւ պարզաբանումներ ներկայացնել՝ համաճարակի յաղթահարման ուղղեալ ռազմավարութեան, ինչպէս նաեւ ձեռնարկուած քայլերու եւ առկայ խնդիրներու վերաբերեալ։ Նախարար Թորոսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի մէջ համաճարակի վերաբերեալ ներկայ վիճակին, հիւանդներու բուժման եւ կազդուրման գործընթացին, առողջապահութեան ոլորտի խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ համակարգի առաջնահերթ կարիքներու մասին։

Արմէն Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր հնարաւորութիւններու շրջանակներէն ներս օգտագործելով նաեւ անձնական կապերը՝ այսուհետեւ եւս աջակցիլ համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ զանազան երկիրներու եւ կառոյցներու հետ կապերու հաստատման եւ համագործակցութեան։

Հարկ է նշել, որ համաճարակի տարածումը կանխելու տեսակէտէ Հայաստանի ընդհանուր կացութիւնը կը մնայ մտահոգիչ եւ վիճակագրական տուեալները առայժմ լաւատեսութիւն չեն ցոլացներ։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020