ԶՕՐ. ԷՕԶԷԼԻ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Նէճտէտ Էօզէլ շաբաթավերջին արձակուրդի մեկնեցաւ՝ ենթարկուած ըլլալով վիրահատութեան։ «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ ան տասնհինգ օրուան համար մեկնած է արձակուրդի։ Նոյն հաղորդման մէջ նշուեցաւ, թէ այդ շրջանի աւարտին ան պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին գլուխը եւ զինքը պիտի փոխարինէ Ցամաքային զօրքերու հրամանատար Հուլուսի Ագար։
Նէճտէտ Էօզէլ վերջերս ենթարկուած էր վիրահատութեան։ Անցեալ Հինգշաբթի Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու փութացած էր այցելութեան՝ մաղթելու համար արագ ապաքինում։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ հեռաձայնով իր ապաքինման մաղթանքները փոխանցած էր Էօզէլին։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նման իրավիճակներու մէջ գրի առնուած աղերսագրերու բովանդակութեան մէջ անպայման նշուած կ՚ըլլան ժամկէտներ։ Իսկ Նէճտէտ Էօզէլ այս պարագային առանց ժամկէտ նշելու յայտնած է, որ իր պաշտօնը կը փոխանցէ զօրավար Ագարի։ Այս երեւոյթը պատճառ դարձած է զանազան մեկնաբանութիւններու։ Յառաջիկայ Օգոստոսին նախատեսուած Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդէն վերջ Նէճտէտ Էօզէլ արդէն պիտի կոչուէր հանգստեան։ Սակայն այդ ժողովներու նախօրեակին զուգադիպած իր ներկայ քայլը հանրային կարծիքին կողմէ չ՚ընկալուիր միանշանակ։ Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ թէեւ տեղեկացուց, որ արտասովոր երեւոյթ մը խնդրոյ առարկայ չէ, սակայն զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ կը մատնանշուի, թէ Նէճտէտ Էօզէլ փափաքած է կարգ մը անհանգստութիւններ արտայայտել։ Մաղձապարկի գործողութեան ենթարկուած Էօզէլի այս քայլը այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ ան անհանգստութիւն ունի վերջին շրջաններուն զինուորականներու դէմ կատարուած գործողութիւններուն ու մանաւանդ շարք մը զինուորականներու ձերբակալման երեւոյթներուն բերումով։
Վարչապետարանի աղբիւրները յայտնեցին, թէ Էօզէլ տասնհինգ օր վերջ պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին գլուխը։