ՓՐՈՖ. ԱՐՏԵՄ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ՔԱՎԼԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿԻ 2020-Ի ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Ամերիկահայ յայտնի գիտնական փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեան արժանացաւ գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր ՔԱՎԼԻ մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկիոյ Արքունի գիտութեանց ակադեմիային կողմէ, առ ի գնահատանք անոր ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան:
Փաթափութեան մէկ միլիոն տոլարի մրցանակը պիտի կիսէ Սան Ֆրանսիսքոյի Գալիֆորնիա համալսարանի գիտաշխատող Տէյվիտ Ճուլիուսի հետ, որ իր կարգին բացայայտած է, թէ մարմինները ինչպէս կը զգան տաքն ու պաղը: Ջղաբանութեան ոլորտին մէջ, ՔԱՎԼԻ-ի մրցանակային յանձնաժողովի նախագահ Քրիստինէ Վալհովտ յայտնեց, որ անոնց յայտնագործած գիւտերը յեղաշրջական կը նկատուին գիտական աշխարհէն ներս ու մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան մարդկային առողջութեան խնդիրներու լուծում բերելու համար: ՔԱՎԼԻ մրցանակը կը միտի մրցիլ Նոպելեան մրցանակին հետ եւ կը շնորհուի երկու տարին անգամ մը այն գիտնականներուն, որոնք էական գիւտեր իրագործած են աստղագիտութեան, նանօ-աթոմային փորձագիտութեան եւ ջղաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: Այս տարուան դափնեկիրներու անունները հրապարակուեցան Նիւ Եորքի Համաշխարհային գիտական փառատօնի օրերուն:
53-ամեայ Փաթափութեան ծնած է Պէյրութ եւ կրտսեր զաւակն է հանրածանօթ գրող-թատերագիր Սարգիս Վահագնին եւ դաստիարակ, տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին: Լիբանանի ներքաղաքացիական կռիւներուն պատճառով ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Հարաւային Գալիֆորնիայի համալսարանէն (UCLA) իսկ տոքթորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն: Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը: 1982-էն ի վեր կը ղեկավարէ Սքրիփս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական տարրալուծարան»ը: