ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը ամբողջ թափով կը շարունակուի։ Ըստ վերջին հրապարակուած վիճակագրական տուեալներուն, բուժում ստացող վարակեալներու թիւն է 8 հազար 933։ Այսպէսով, երկրէն ներս պաշտօնապէս հաստատուած պարագաներու ընդհանուր թիւը բարձրացած է 13 հազար 675-ի։ Ցարդ 4 հազար 451 հիւանդ ապաքինած է։ Համավարակի զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է 217-ի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան տեղեկացուց, որ ներկայիս բուժման ենթակայ հիւանդներու շարքին կայ 304 բաւական ծանր դէպք։ Իսկ 94 վարակեալներու կացութիւնը ծայրայեղ ծանր է։

Միւս կողմէ, Արսէն Թորոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ վարակեալներու բուժման հետամուտ հիւանդանոցներու ղեկավարներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին բժշկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուները ներկայացուցին ընթացիկ խնդիրները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան յառաջիկայ ընելիքները։ Նախարար Թորոսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց հիւանդանոցներու վերաբերեալ տուեալներու հասանելիութեան անհրաժեշտութեան վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնացուց ազատ եւ զբաղուած մահճակալներու թիւը։ «Հասկնալի է, որ հոսքերը շատ մեծ են եւ ազատ մահճակալը կրնայ շատ շուտ զբաղեցուիլ։ Կարեւոր է նաեւ տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը, որպէսզի այդ պատճառով ոեւէ մէկու բժշկական օգնութիւնը չուշանայ», ըսաւ Արսէն Թորոսեան։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ եթէ նոյնիսկ պահպանուի համաճարակի ծաւալման վերջին օրերու թափը, ապա հիւանդանոցներու մահճակալներու ընդհանուր թիւը բաւարար պիտի ըլլայ։ Նախարարը նաեւ կոչ ուղղեց՝ հետեւողական ըլլալ վարակեալներու բուժման ընթացքին եւ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել անոնց արձակման ժամանակ։

Բժշկական հաստատութիւններու ղեկավարներն ալ հանդիպման ընթացքին ընդգծեցին, որ մահճակալներու ծանրաբեռնուածութիւնը ըստ էութեան խնդրոյ առարկայ կը դառնայ խտացեալ խնամքի եւ վերակենդանացման բաժանմունքներէ ներս։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարութիւններ ըրաւ համաճարակային քաղաքականութեան կարեւորագոյն խնդիրներուն շուրջ։ Վարչապետը երէկ այցելեց Երեւանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցը, ուր ծանօթացաւ վարակեալներու բուժման ընդհանուր կացութեան։ Ան յայտարարեց, որ «Էրեբունի», «Արմենիա» եւ «Աստղիկ» մասնաւոր հիւանդանոցներն ալ ներգրաւուած են համաճարակի դէմ պայքարի։ Ըստ վարչապետին, հակահամաճարակային կանոնները կը պահպանուին աւելի լաւ։ Երէկուան դրութեամբ թէ՛ ընթացիկ բուժման եւ թէ խտացեալ խնամքի 350 նոր մահճակալ ներգրաւուած է առողջապահական համակարգին։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան Արսէն Թորոսեանի հետ այցելեց նաեւ Նորքի բորբոքումներու մասնագիտական հիւանդանոցը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020