ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ԶՐՈՒՑԵՑ ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկկողմանի օրակարգի հարցերուն առընթեր, Էրտողան եւ Թրամփ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ՝ Լիպիոյ ճգնաժամի գլխաւորութեամբ։ Էրտողան անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի վերջին բռնութեան ու թալանի դէպքերուն։ Ըստ իրեն, այդ դէպքերու ետին կանգնած են այն տարրերը, որոնք կը համագործակցին ՓՔՔ-ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ, որ Սուրիոյ հիւսիսին գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Էրտողան այս կապակցութեամբ իր մտահոգութիւնը բաժնեց ամերիկացի պաշտօնակցին հետ։ Երկու ղեկավարները համակարծիք գտնուեցան սերտ համագործակցութիւն շարունակելու համար՝ Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ճանապարհին։

Միւս կողմէ, Էրտողան TRT-ի վրայ երէկ երեկոյեան մասնակցած ուղիղ եթերին ժամանակ ալ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Թրամփի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, օրակարգի վրայ եկած է նաեւ «Ֆ-35»ի եւ «Ս-300»ի հարցերը։ Նախագահը յայտնեց, որ այս խնդիրները առանձնապէս չեն քննարկուած Թրամփի հետ, սակայն որոշուած է ստեղծել աշխատանքային խումբ մը։ Այս նիւթերուն շուրջ յառաջիկայ շրջանին աշխատանք պիտի տանին կողմերու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ լրաքաղութեան պատասխանատուներն ու մասնաւոր խորհրդականները։ Նոյն յայտարարութիւններուն ժամանակ Էրտողան դիտել տուաւ, որ կը ծրագրէ յառաջիկայ շրջանին տեսակցիլ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ մասնաւորապէս շօշափելու համար Լիպիոյ իրադարձութիւնները։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020