ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՎԵ՛Ր

Բարձրագոյնը՝ վերը գտնուողը տեսնելու համար պէտք է որ մարդ իր աչքը վերցնէ դէպի վեր, դէպի երկինք։

Արեւը մեր գլխուն վերեւն է եւ ոչ թէ մեր ոտքերուն տակը։ Բարձրութիւններու մէջ է արեւը, եւ ոչ թէ ցած տեղեր։ Եւ ո՛չ միայն արեւը, այլ լուսինը, աստղերը, մոլորակները եւ նաեւ գիշերուան բոլոր լապտերները՝ որոնք կը լուսաւորեն, բոլորն ալ վե՛րն են։

Եւ Աստուած Ինք, գեղեցկութեան հրաշագործ արուեստագէտը, ճշմարտութեան, իմաստութեան եւ սիրոյ անձնաւորումը, նոյնպէս, հո՛ն է՝ վե՛րը։ Եւ երբ կ՚աղօթէ մարդ՝ աչքերը միշտ դէպի վեր կը նային։

Ճշմարտութիւնները աժանցնելու, սովորական դարձնելու փորձութենէն զգուշանալու են մարդիկ։ Ուստի, Քրիստոսի եւ Աւետարանին վրայ կարելի չէ խօսիլ այն թեթեւամտութեամբ, որով մարդ իր տան մէջ կը խօսի սովորական եւ հասարակ նիւթի մը՝ կարասիի մը, կամ կերակուրի մը մասին։ Մարդ երբ կը խօսի «բարձրագոյն արժէք»ի մը մասին, պէտք է փոխէ իր հոգիին եւ խորհուրդին մակարդակը։ Հասարակ տեղերու մակարդակէն բարձրանալու է եւ կենալու է մարդ մակարդակի մը վրայ, ուր կարելի է, եւ արժան է. «վերին բաները մտածել»։

Աստուած, Քրիստոս, Աւետարան, յաւիտենական, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր ճշմարտութիւններ մարդոց ոտքերուն տակ չեն, որ վարերը նային մարդիկ. անոնք վերերն են եւ պէտք է որ մարդոց հոգեւոր աչքերը, իմացականութիւնը դէպի վե՛ր դարձնեն տեսնելու զանոնք իրենց «լուսեղէն» համեմատութիւններովը։

Ճշմարտութիւնը, իբրեւ մարդու խօսքի եւ գործի միջեւ ճշդութեան գոյութիւնը, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութիւն։ Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճի՛շդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։

«Մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ եթէ փոխադարձ վստահութիւնը չունենային, այսինքն եթէ ճշմարտութիւնը իրարու չյայտնէին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Հին Կտակարանը կը վկայէ թէ՝ Աստուած ակունքն է ամէն ճշմարտութեան։ Անոր խօսքը ճշմարտութի՛ւն է, Անոր Օրէնքը ճշմարտութիւն է. «Դարէ դար է Քու ճշմարտութիւնդ», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն։ (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 90)։

«Բոլոր ժամանակներուն մէջ ողորմութեամբ Ան կը նայի աստուածավախ մարդոց վրայ» (ՂՈՒԿ. Ա 50)։ Քանի որ Աստուած «ճշմարտախօս» է (ՀՌՈՄ. Գ 4), Ի՛նք ճշմարտութիւն իսկ է, եւ Իր ժողովուրդին անդամներն ալ կոչուած են ապրելու ճշմարտութեան մէջ. (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 30)։

Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ամբողջովին յայտնուեցաւ. «Լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ» (ՅՈՎՀ. Ա 14)։ Ինքն է «լոյս աշխարհի» (ՅՈՎՀ. Ը 12), Ինք «ճշմարտութիւնն է» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Ո՜վ որ հաւատայ Անոր, խաւարին մէջ չի մնար. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46), Յիսուսի աշակերտը կը մնայ Անոր խօսքին մէջ, որպէսզի ճանչնայ «ճշմարտութիւն»ը՝ որ կ՚ազատագրէ (ՅՈՎՀ. Ը 31-32) եւ կը սրբացնէ (ՅՈՎՀ. ԺԷ 17)։ Հետեւիլ Յիսուսի՝ ապրի՛լ է ճշմարտութեան համար, ճշմարտութեան Հոգիով (ՅՈՎՀ. ԺԴ 17), զոր Հայրը կ՚առաքէ Իր անունով (ՅՈՎՀ. ԺԴ 26) եւ Ան կ՚առաջնորդէ «դէպի բովանդակ ճշմարտութիւնը» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։

Յիսուս Իր աշակերտներուն կ՚ուսուցանէ Ճշմարտութեան անպայմանաւոր սէրը. «Ձեր խօսքը թող ըլլայ այո՛ն այո, եւ ո՛չը ոչ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։ Ճշմարտախօսութեան բանաձաւը կը կայանայ այս խօսքին մէջ՝ այո՛ն այո, ո՛չը ոչ։

Մարդ արարածը բնականաբար կը ձգտի ճշմարտութեան։ Ան պարտի պատուել զայն եւ վկայել անոր։ Արդարեւ, իրենց արժանապատուութեան զօրութեամբ, բոլոր մարդիկը, քանի որ «անձ»եր են, իրենց բնութեան կողմէ մղուած են եւ բարոյական ստիպողութեամբ պարտաւորուած են փնտռելու «ճշմարտութիւն»ը եւ ամենէն առաջ ա՛յն ճշմարտութիւնը՝ որ կը հայի կրօնին։ Մարդիկ նաեւ պարտաւոր են փարիլ ճշմարտութեան հազիւ թէ ճանչնան զայն եւ պարտին իրենց ամբողջ կեանքը կանոնաւորել եւ կազմակերպել ըստ ճշմարտութեան պահանջածներուն։

Պիղատոսի առջեւ Քրիստոս կը յայտարարէ, թէ Ինք «եկած է աշխարհ վկայելու համար ճշմարտութեան» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37)։ Ուստի քրիստոնեան «Տիրոջ վկայութիւնը ամօթ չի համարիր» (Բ ՏԻՄ. Ա 8)։

Հաւատքին վկայութիւնը պահանջող կացութիւններու մէջ քրիստոնեան պարտի անսեթեւեթ դաւանիլ զայն, ըստ Պօղոս Առաքեալի օրինակին՝ յանդիման իր դատաւորներուն։ Հարկ է պահել «խիղճ մը անբասիր՝ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ» (ԳՈՐԾ. ԻԴ 16)։ Արդարեւ, բոլոր քրիստոնեաները, ո՛ւր ալ ապրին, պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ են ցուցաբերել իրենց կեանքին օրինակով եւ իրենց խօսքին վկայութեամբ՝ «նոր մարդ»ը՝ զոր զգեցած են Մկրտութեան Խորհուրդով եւ զօրութիւնը Սուրբ Հոգիին՝ զոր արիացուց զանոնք դրոշմով։

Աստուծոյ հանդէպ պահանջուած պատկառալից դիրք, եւ տրամադրութիւն նախնական պայմա՛ն է Աստուծոյ մասին խորհելու, զԱստուած տեսնելու եւ հասկնալու համար։

Ոմանց բերնին մէջ ամէն սրբազան խորհուրդ եւ ճշմարտութիւն սոսկ ծամոցի պէս է։ Աղօթքը էապէս Աստուծոյ ներկայութեան խորունկ եւ խիստ գիտակցութիւն կ՚ենթադրէ, եւ «հաղորդակցութիւն» այդ Ներկայութեան հետ՝ որ է ճշմարտութի՛ւն։

Բայց աղօթքն ալ շատերու համար անիմաստ շաղակրատութեան մը վերածուած է. կրկնութիւն մը կաղապարուած բառերու, որոնց մէջ պարունակութիւն չկայ. սոսկ ձայն եւ ծնծղայ…։ Ոմանք աղօթքը կ՚ընեն ինչպէս գաւաթ մը ջուր պիտի խմէին, նո՛յնքան անպատրաստութեամբ եւ անտարբերութեամբ։ Թէ՛ վատ եւ աղտոտ խորհուրդներու եւ զգացումներու ճահիճի մը մէջ թափառիլ եւ թէ նոյն ատեն Աստուծոյ երեսը տեսնել՝ անկարելի՛ է։

Այսօրուան մաս մը «քրիստոնեայ»ներու պատճառով քրիստոնէութեան յատկանշանակ «այլասերում»ը սա է. մարդիկ կ՚ուզեն զԱստուած վա՛ր քաշել եւ իրենց կեցած մակարդակին վրայ, իրենց քովը եւ իրենց հետ, կանգնեցնել. առանց վե՛ր բարձրանալու իրենց աշխարհասէր կեանքի մակարդակէն՝ կ՚ուզեն Աստուծոյ տեսիլքը ունենալ, կամ «քրիստոնեայ» ըլլալ։ Այս կերպով մարդիկ՝ «հաւատացեալ»ներ «անկարելի»ն է որ կը փորձեն, եւ տակաւին չեն անդրադառնար, թէ անկարելին է որ կը փորձեն։

«Վե՜ր»ն է Ճշմարտութիւնը, անոր հասնելու համար պէտք է աչքերը կեդրոնացնել, յառել դէպի վե՛ր եւ վեր բարձրանալ, փոխանակ վար քաշել փորձելու զայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 5, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020