ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 26-ՐԴ «ՌՈՒԲԷՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ» ՊԱՍՔԷԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԵՐԷԿ ՍԿՍԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Սամաթիոյ մէջ սկսաւ միջմիութենական 26-րդ «Ռուբէն Սէմէրճեան» պասքէթպոլի մրցաշարքը։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի պարտէզին մէջ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Տատեան սանուց միութեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութեան խումբերուն միջեւ։ Թուրքիոյ Պասքէթպոլի դաշնակցութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպուի այս մրցաշարքը, որ առաջին իսկ պահէն սկսեալ մարզասէրներու հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։ Արսէն Գովանի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբը առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ կ՚աշխատի, որպէսզի ամէն ինչ ընթանայ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս մրցաշարքի առողջապահութեան գծով հովանաւորը կը հանդիսանայ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանը։ Միջմիութենական 26-րդ «Ռուբէն Սէմէրճեան» պասքէթպոլի մրցաշարքը պիտի տեւէ շուրջ մէկուկէս ամիս։