«ԵՐԿԻՆՔԸ ԸՆՏՐԵԱԼՆԵՐ ՉՈՒՆԻ»

Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վէպը։ Այսպէս, առաջին անգամ բնագրէն՝ գերմաներէնէն, հայերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած է 20-րդ դարու ամենայայտնի եւ ընթերցուող հեղինակներէն մէկուն՝ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վէպը։ Գիրքը հրատարակած է «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատունը, թարգմանիչն է Վանուհի Բաղմանեան։

«Վանուհի Բաղմանեանի թարգմանութեամբ վերջին տարիներուն ընթերցողի դատին յանձնած ենք մեծանուն գրողի «Երեք ընկեր», «Յաղթական կամար», «Արեւմտեան ճակատի վրայ նորութիւն չկայ», «Ապրելու ժամանակը եւ մեռնելու ժամանակը» գործերը։ Հերթը Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վէպինն է, որ առաջին անգամ՝ 1959 թուականին հատուածաբար հրատարակուած է Համպուրկի Kristall ամսագիրին մէջ՝ Geborgtes Leben՝ «Կեանքը՝ պարտքով» վերնագրով։ 1961 թուականին լոյս տեսած է գիրքի ձեւաչափով՝ «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վերնագրով», նշած է «Էտիթ Փրինթ»ի շուկայավարման տնօրէն Շաւարշ Կարապետեան ու յաւելած է, որ ընդամէնը մէկ ամիս առաջ ընթերցողի դատին յանձնած են Ռեմարքի «Սեւ կոթողը»՝ Աննա Ռոստոմեանի թարգմանութեամբ։

Գիրքի հերոսը՝ 50-ական թուականներու սկիզբին արդէն տարեց ինքնաշարժի մրցարշաւորդ Քլեղֆէ առողջարանի մէջ կ՚այցելէ իր երբեմնի գործընկերոջ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը բուժուէր թոքախտէ։ Այնտեղ ան կը ծանօթանայ ծանր հիւանդ Լիլիանի հետ։ Վերջինս, որ արդէն տարիներէ ի վեր արհամարհանքով կը վերաբերուէր առողջարանի միօրինակ կենցաղին, խիստ կարգուկանոնին ու ձանձրոյթին, կ՚օգտագործէ առիթը ու կը փախչի Քլեղֆէի հետ։ Միակ բանը, որ կը միաւորէր երկուքը, ապագայ չունենալն էր. Քլեղֆէ կ՚ապրէր միայն մրցարշաւէ մրցարշաւ՝ ամէն անգամ խոյս տալով մահէն, իսկ  Լիլիանի կեանքը ամէն վայրկեան վտանգուած էր թոքախտէ։ Փարիզի, Հռոմի եւ Մոնթէ Քարլոյի մէջ  անոնք ապրեցան իրենց բաժին ինկած կարճատեւ կեանքը։

Էրիխ Մարիա Ռեմարք գերմանացի վիպագիրը ծնած է Գերմանիա, 22 յունիս 1898 թուականին։ Ան մահացած է 25 սեպտեմբեր 1970 թուականին, Լոքառնոյի մէջ, Զուիցերիա։ Իսկական անունն է Էրիխ Փոլ Ռեմարք։ Ան ի պատիւ քաղցկեղէ մահացած մօր՝ Աննա Մարիայի, տարիներ անց անուանափոխուած է՝ դառնալով Էրիխ Մարիա Ռեմարք։ Ան տակաւին 16 տարեկանին սկսած է իր առաջին գրական փորձերուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020