ՎԵՐՏԻԻ ՕՓԵՐԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿՈՎ

Ճիւզեփփէ Վերտիի «Պարահանդէս-դիմակահանդէս» օփերայի համերգային կատարումը ներկայացուեցաւ առցանց հարթակի վրայ։ Այսպէս, իտալացի աշխարհահռչակ յօրինող Ճիւզեփփէ Վերտիի «Պարահանդէս-դիմակահանդէս» օփերայի համերգային կատարումը ներկայացուեցաւ առցանց հարթակի վրայ:

Օփերայի արուեստի երկրպագուները համերգի տեսաձայնագրութիւնը դիտեցին յունիսի 5-ին՝ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջէն: Տեսաձայնագրութիւնը հասանելի եղաւ 24 ժամ։

«Պարահանդէս-դիմակահանդէս»ին մէջ Կիւստաւ Գ.-ը մարմնաւորած էր Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սարգիս Աղամալեան, Ռենաթոն՝ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Առնոլտ Քոչարեան: Ամելիայի դերակատարումը ստանձնած էր Աննա Այվազեան, իսկ Ուլրիքայի դերակատարումը՝ Ինկա Կարապետեանց:

Բեմադրողն էր Մկրտիչ Բաբաջանեան, գլխաւոր խմբավարը՝ Հրաչ Պորեան: Համերգին մասնակցած էին վոքալ-երգչախմբային մասնագիտական դպրոցի սաները: Գեղարուեստական ղեկավարն էր Կարինէ Առաքելեան, խմբավարը՝ Լուիզա Գրիգորեան:

Երեք գործողութեամբ օփերայի լիպրեթթոյի հեղինակը Անթոնիօ Սոմման է: Առաջնախաղը կայացած է 1859 թուականի փետրուարի 17-ին Հռոմի «Ափոլլօ» թատրոնի երդիքին տակ։ Շուէտի արքայ Կիւստաւ Գ.-ի սպանութեան պատմութեան վրայ հիմնուած օփերան գրաքննութեան պահանջով ենթարկուած է խիստ փոփոխութեան։

Վերտիի թիւով 23-րդ օփերան է, կը պատկանի անոր լաւագոյն ստեղծագործութիւններու շարքին, այսօր ալ յաճախ կը բեմադրուի աշխարհի հռչակաւոր օփերայի թատրոններուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020