ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

21-22 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵՄ-ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ։ «Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նա­խա­գահ­նե­րու կամ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պում մը։ Սա կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փին, ո­րուն չի մաս­նակ­ցիր Եւ­րո­միու­թիւ­նը», նշեց ԵՄ-ի պաշ­տօ­նեան, որ չփա­փա­քե­ցաւ ներ­կա­յա­նալ։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ, իր կարգին, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեանն ալ նոյնպէս «Արմէնփրէս» գործա­կա­լութեան յայտնեց, որ ա­ռայժմ հա­ւա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն մը չկայ, չէ յայ­տա­րա­րուած նաեւ, թէ Հա­յաս­տան ի՛նչ մա­կար­դա­կով պի­տի մաս­նակ­ցի Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015