ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ 2021-Ի ԳԱՐՆԱՆ

Թոքիոյի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կայացման կամ չկայացման գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի 2021 թուականի գարնան, այս գծով յայտնեց ճաբոնական «Kyodo» գործակալութիւնը: Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ քորոնաժահրին ո՛ր հանգրուանը հասնելուն:

Ողիմպիականի կազմակերպիչ կոմիտէի յանձնախումբին նախագահը եւ Թոքիոյի խաղերուն կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահը, իրարու հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք, եկած են այս եզրակացութեան:

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 24 մարտին, «Թոքիօ-2020»ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը յետաձգուեցան… մէկ տարիով:

Ներկայ դրութեամբ, ողիմպիականի խաղերը պիտի պահեն իրենց անուանումը՝ «Թոքիօ-2020»:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020