ՃՈՐՃ ՖԼՈՅՏԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ յուղարկաւորուեցաւ Ճորճ Ֆլոյտ, որ վերջին օրերուն զոհ գացած էր ոստիկանի մը բռնութեան։ Ոստիկանին կողմէ իր վզի ու կոկորդի հատուածին ծունկով գործադրուած սաստիկ ճնշման հետեւանքով շնչասպառ մնացած եւ մահացած էր Ճորճ Ֆլոյտ եւ այս դէպքը ԱՄՆ-ի մէջ ծնունդ տուած է համատարած բողոքի ալիքի մը։ Երէկ, իրեն համար մէկէ աւելի սգահանդէսներ տեղի ունեցան եւ ի վերջոյ Հիւսթընի մէջ եկեղեցիէ մը յուղարկաւորուեցաւ Ճորճ Ֆլոյտ, որու դիակը ոսկեզօծ դագաղի մը մէջ դրուած էր։ Վեց ժամ տեւողութեան մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ իրենց վերջին յարգանքը մատուցին անոր նկատմամբ։ Հազարաւորներու այս տողանցքէն վերջ Ճորճ Ֆլոյտի անշունչ մարմինը ամփոփուեցաւ իր մօրը կողքը։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի եւ դեմոկրատ խորհրդարանականներ երէկ ծնրադիր յարգանքի լռութիւն մատուցին Ճորճ Ֆլոյտի համար՝ 8 վայրկեան 46 երկվայրկեան տեւողութեամբ. սա ոստիկանի բռնութեան հետեւանքով անոր անշունչ մնացած ժամանակն է։