ԵՄ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ տեսաքոնֆերանս մը ունեցաւ Եւրոմիութեան շարք մը պաշտօնատարներուն հետ։ Այսպէս, իր հիմնական զրուցակիցն էր Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան արեւելեան հարեւանութեան հարցերով տնօրէն Լաուրընս Մերետիթ։ Տեսաքոնֆերանսին միացան նաեւ ԵՄ-ի Երեւանի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորին եւ Եւրոյանձնաժողովէն այլ շարք մը ներկայացուցիչներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան բարձր գնահատեց ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութիւնը ներկայ բարդ ժամանակաշրջանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի գործադրութեան ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային նախատեսուած ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ղեկավարներու տեսաքոնֆերանսին Հայաստանի մասնակցութեան։ Քննարկուեցան նաեւ 2020 թուականի տարեկան գործողութիւններու ծրագրի շրջանակներէն ներս մշակուած համաձայնագրերու նախագծերը՝ մասնաւորապէս դատաիրաւական ոլորտէ ներս։ Առաջնահերթութիւն ցուցաբերուեցան նաեւ համաճարակի դէմ պայքարի ուղղեալ հակաճգնաժամային պիւտճէի աջակցութեան ծրագիրներուն նկատմամբ։ Եւրոպացի պաշտօնատարները դիտել տուին, որ յառաջիկայ ամիս պիտի ամփոփուին համապատասխան ծրագրերը։
Լաուրընս Մերետիթ վերահաստատեց ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին Հայաստանին աջակցելու ուղղութեամբ։ Նոյնպէս ԵՄ կը նախատեսէ շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերել բարեփոխումներու իրականացման գործընթացէն ներս՝ ներառեալ այս տարուայ ծրագրերու համատեսքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց փոխ-վարչապետի կողմէ իրականացուած համապարփակ աշխատանքի եւ շինիչ համագործակցութեան համար։ Մերետիթ տեղեկացուց, որ Արեւելեան գործընկերութեան ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ կ՚ակնկալուի քննարկումը երկարաժամկէտ քաղաքականութեան այն հինգ նպատակադրումներուն, որոնք առաջարկուած էին անցեալ մարտին հրապարակուած Արեւելեան գործընկերութեան ապագայի վերաբերեալ համատեղ առաջարկին մէջ։
Տեսաքոնֆերանսի տեւողութեան զրուցակիցները իրարու ներկայացուցին համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցառումները եւ քննարկեցին քորոնաժահրի հետեւանքով երկիրներու առջեւ ծառացած խնդիրները։