Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կանգ առին տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու վրայ՝ առաջնահերթօրէն անդրադառնալով Լիպիոյ եւ Իտլիպի կացութեան։ Էրտողան եւ Փութին կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համավարակէ վերջ առնուելիք քայլերն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։
Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2020