ՓԱՅԼՈՒՆ ԶՕՐԱՀԱՆԴԷՍ
Շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ պատմական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Բ. աշխարհամարտի աւարտին Կարմիր բանակին կողմէ նացիներուն դէմ տարուած յաղթանակին 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Տօնակատարութիւններու տանտէրն էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Կարմիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ փայլուն զօրահանդէս մը, որ միջազգային մամուլին կողմէ կը մեկնաբանուի որպէս ուժի ցոյց։ Փութինի ուշագրաւ հիւրերու շարքին էին Չինաստանի եւ Հնդկաստանի նախագահները։ Յոբելեանին առթիւ Մոսկուա փութացած էին նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Տօնակատարութիւններուն ծրագիրը տարածուած էր ամբողջ շաբաթավերջին վրայ։ Թէեւ ոչ զօրահանդէսին, սակայն յոբելեանին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ։ Քրէմլինի պալատին մէջ ան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ։
Տօնակատարութիւններուն ընթացքին Փութին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին կարեւոր պատգամներ փոխանցեց աշխարհին։ Ըստ իրեն, Բ. աշխարհամարտէն վերջ ձեւաւորուած համաշխարհային կարգերուն մէջ Ռուսաստանին վիճակած է կարեւոր դերակատարութիւն եւ այդ իրաւունքը անկարելի է, որ ետ վերցուի։ Ըստ Փութինի, Հիթլէրի արկածախնդրութիւնը ծանր փոխարժէք մը ունեցած է աշխարհի տեսակէտէ։ 20-րդ դարասկիզբին, 1930-ական թուականներուն քաղաքակիրթ Եւրոպան ճիշդ ժամկէտով չէ նկատած այդ վտանգը։ «Այսօր ալ, եօթանասուն տարի անց, պատմութիւնը մեզի դարձեալ կը հրաւիրէ տրամաբանութեան։ Մեր օրերուն ալ պէտք չէ մոռնալ, որ ազգի մը գերակայութեան ուղղեալ գաղափարախօսութիւնը ժամանակին տեղի տուած էր համաշխարհային պատերազմի մը։ Ականատես կ՚ըլլանք միաբեւեռ աշխարհ մը ստեղծելու նախաձեռնութիւններուն։ Կը տեսնենք, որ զինուորական պլոքի հասկացութիւնը վերստին թափ կը ստանայ։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները վնաս կը հասցնեն համաշխարհային կայունութեան», ըսաւ Փութին։
Միջազգային մամուլը կ՚արձագանգէ, որ զօրահանդէսի ընթացքին ռուսական կողմը շատ նոր զրահատեսակներ ներկայացուցած է։ Շքերթի մասնակից աւելի քան 16 հազար զինուորներու շարքին կը գտնուէին Հայաստանէն, Ա-տըրպէյճանէն, Սպիտակ Ռուսիայէն, Ղազախիստանէն, Խրղըզիստանէն, Հնդկաստանէն, Սերպիայէն եւ Չինաստանէն զինուորներ։
Այս մթնոլորտին մէջ է, որ Փութին Մերքէլի հետ զրուցեց Ուքրայնոյ ճգնաժամին շուրջ։ Գերմանիոյ վարչապետը դիտել տուաւ, որ երկու կողմերն ալ կը խախտեն հրադադարը, անկարելի է ըսել, թէ Մինսքի համաձայնութիւնը պսակուած է յաջողութեամբ, սակայն ուրիշ ձեռքբերում մըն ալ գոյութիւն չունի։
Յոբելենական հանդիսութիւններուն մասնակցելու ժամանակ, Հայաստանի նախագահը Մոսկուայի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Կարմիր բանակի հայազգի յառաջատարներէն Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի շիրմին։
Բաց աստի, Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եգիպտոսի Նախագահ Ապտիւլ Ֆէթթահ Էլ Սիսիի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումն ու այդ յարաբերութիւններուն նոր լիցք հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը։ Երկկողմանի կապերու ամրապնդման ճանապարհին նախագահները կարեւորեցին փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացումը։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Էլ Սիսիի ձեռնարկած բարեփոխումները, որոնք ուղ-ղուած են Եգիպտոսէ ներս կայունութեան հաստատման ու երկրի զարգացման, արդէն իսկ կու տան որոշ արդիւնքներ, միեւնոյն ժամանակ հիմքեր կը ստեղծեն նաեւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները զարգացնելու նախկին աշխուժութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով Էլ Սիսի վստահութիւն յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը շատ աւելի մեծ զարգացում պիտի ունենան անցեալին բաղդատմամբ։ Ըստ իրեն, իր երկիրը անցած է բարդ ժամանակաշրջանէ մը եւ նախորդ տարուան ընթացքին Եգիպտոսի մէջ շատ բան կատարուած է անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Էլ Սիսի դրուատիքով խօսեցաւ եգիպտահայ համայնքին մասին ու նշեց, թէ հայոց նկատմամբ Եգիպտոսի մէջ մշտապէս եղած է եղբայրական վերաբերմունք։ Նախագահները կարեւորեցին եգիպտահայ համայնքի դերը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ Եգիպտոսի պետականաշինութեան մէջ մեծ դեր ունեցած անհատներուն դերը, ներառեալ եգիպտահայ քաղաքական գործիչ ու Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար Փաշան։
Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ իրավիճակին եւ այլ տարածքաշրջանային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ 2015-ի մթնոլորտին մէջ շարունակուող ոգեկոչումներուն։