ՏՕՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ
Եշիլգիւղի ընտանիքը ապրեցաւ տօնական շաբաթավերջ մը։ Թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ տեղւոյն Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս-երգչախումբի տարեդարձին առթիւ։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 102-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 79-րդ կրկնակ տարեդարձները նշուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Ս. Ստեփանոս եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, որ միեւնոյն ժամանակ նախագահն է դպրաց դասուն։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները իր ամբողջական կազմով ու ներդաշնակութեամբ կատարեց Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս-երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Սեւան Արապեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սէրլի Տէմիրի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան Դպրաց Դաս-երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, վարիչները, երաժշտապետները, անդամներն ու սատարողները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի անունով կոչուած սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց ընդհանուր փոխանորդը իր կողքին ունենալով հոգեւոր հայրերը։ Ներկայ էին Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները, թաղի յարակից մարմիններուն կողմէ ներկայացուցիչներ, քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութամբ ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան սեղաններուն շուրջ եւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ։ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Միքայէլ Աբրահամօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր սեղանակիցները, որոնք ալ իրենց հերթին Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս-երգչախումբի գործունէութեան կապակցութեամբ արտայայտեցին իրենց գնահատանքն ու յաջողութեան մաղթանքները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Սէրլի Աբրահամօղլուի, որ ատենադպրուհին է տնօրէն խորհուրդին եւ այդ հանգամանքով ալ անդրադարձաւ տնօրէն խորհուրդի գործունէութեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ներկաները ողջունեցին երկու փոքրիկներու՝ Մարգրիտ Թոփարլաքի եւ Ժպիտ Կէզէրի արտասանութիւնները։ Աւելի վերջ արտասանեց նաեւ Պետրոս Շարապճեան, իսկ մեներգեց Գարին Քիւչիւքօղլու։
Տարեդարձի սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։