ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻԻ ԿԵԱՆՔԷՆ
Մխիթար Հերացի (1110-1200) հայ բժշկութեան հիմնադիր, հայ մեծ գիտնական եւ ԺԲ դարու մե՛ծ մարդասէր մըն է։ Ծննդեան եւ մահուան թուականներու մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ, թէեւ 1110, բայց 1120, կամ նոյեմբեր 11, 1118։ Ծննդավայրն է՝ Խոյ։ Իսկ մահուան թուականը՝ 1200 կամ 1173։ Ան եղած է բժիշկ, բնագէտ եւ փիլիսոփայ։
Մխիթար Հերացիի տան դուռը միշտ բա՛ց էր հիւանդին եւ կարօտեալին առջեւ, իր լոյսը միշտ անմար կը մնար սեղանին վրայ՝ մինչեւ առաւօտ։
Ան ապրած եւ գործած է ԺԲ դարուն, լուսաւոր դէմք մը՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթը ստեղծողներու երկնակամարին վրայ։ Ան պատմութեան էջերուն մէջ աստղի մը նման փայլուն եւ պատուաւոր տեղ մը կը գրաւէ։
Մխիթար Հերացի հայկական դասական բժշկութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցած է։
Եւ ահաւասիկ, իր կեանքէն հետաքրքրական եւ նոյնքան օրինակելի դրուագ մը։
Գիշեր մը, երբ մեծ բժշկապետը Մխիթար Հերացի իր սենեակին առանձնութեան մէջ ինքնամոռացութեամբ կ՚ուսումնասիրէր զանազան բոյսեր, որոնց օգտագործումը բժշկութեան մէջ «կենսական» կը համարուէր, յանկարծ դուռը թակուեցաւ։ Հերացին անմիջապէս կանթեղը առաւ եւ դուռը բացաւ։
Դրան սեմին կեցած էր օտարական մը։
Օտարականը. «Ներէ՛, բժի՛շկ, որ այսպիսի անպատեհ ժամու մը քեզ կ՚անհանգըստացնեմ։ Հեռո՜ւներէն կու գամ եւ քու բարի, օգտաշատ խորհուրդներուն պէտք ունիմ», կ՚ըսէ։
Մխիթար Հերացին նախ կը կարծէ, թէ եկողը սովորական հիւանդ մըն է եւ անմիջապէս ներս կը հրամցնէ օտարականը։
Երբ կը նստի օտարականը, Հերացին կը սկսի հարցուփորձել անոր առողջութեան մասին։
«Ես հիւանդ չեմ, բժի՛շկ, ես մօտդ եկած եմ քեզի երեք հարցում ուղղելու համար։ Եթէ թոյլ տաս՝ հարցնեմ», կ՚ըսէ օտարականը։
«Պատրա՛ստ եմ լսելու», կը պատասխանէ բժշկապետը, եւ կը շարունակէ. «խօսէ՛ եւ հարցուր ի՛նչ որ կը փափաքիս»։
Առաջին հարցումը կ՚ուղղէ օտարականը.
«Ըսէ՛ ինծի, բժի՛շկ, ինչի՞ մէջ կը կայանայ քու բժշկութեանդ գաղտնիքը»։
«Իմ բժշկութիւնս ոչ մէկ գաղտնիք ունի», կը պատասխանէ Հերացին. «Իմ բժշկութիւնս սէ՛ր է, սէ՛ր՝ մարդոց հանդէպ»։
Օտարականը երկրորդ անգամ կը հարցնէ.
«Ըսէ ինծի, դժուա՞ր է բժիշկի մը պարտականութիւնը»։
Հերացին կը պատասխանէ.
«Բժիշկներուն աշխատանքը դժուա՛ր է, երբեմն չափազանց դժուա՛ր։ Բայց բժշկութիւնը պարտականութիւն չէ, զաւա՛կս, բժշկութիւնը ամենէն առաջ ԿՈՉՈ՛ՒՄ է եւ ԽԻ՛ՂՃ»։
«Վերջին հարցում մըն ալ, բժի՛շկ», ըսաւ օտարականը. «Զիս քովդ չե՞ս առներ որպէս աշակերտ»։
«Քու երրորդ հարցումիդ ես չեմ կրնար պատասխանել, մինչեւ որ դուն չպատասխանես իմ սա հարցումիս։ Ըսէ ինծի. հիւանդի մը համար դուն կրնա՞ս ամէն ինչէ զրկել ինքզինքդ։ Կրնա՞ս հանապազօրեայ հացի փոխարէն հիւանդի մը համար դեղ գնել, կրնա՞ս անքուն գիշերներ անցընել անոր անկողնին քով՝ մոռնալով քու մերձաւորդ։ Եւ վերջապէս դուն կրնա՞ս միանգամ ընդմիշտ ընդունիլ որ բժիշկի մը աշխատանքը միայն պարտականութիւն չէ՛, այլ անհո՜ւն սէր մարդոց հանդէպ, համակ նուիրում եւ սրբազան գործ։ Եթէ ազնիւ մարդ ես, ըսէ՛ ինծի ճշմարտութիւնը»։
Օտարականը շփոթեցաւ. «Ես… ես ազնիւ մարդ եմ, բժիշկ», ըսաւ ան, «ես չեմ կրնար խաբել քեզ։ Աւելի լա՛ւ է որ ես շարունակեմ զբաղիլ իմ արհեստովս՝ տակառագործութեամբ»։
Մխիթար Հերացին, մեծ մարդասէրը եւ բժիշկը, մօտեցաւ եւ գրկեց օտարականը եւ ըսաւ.
«Ապրի՛ս, զաւա՛կս, դուն այս վայրկեանիս ապացուցիր, որ խղճամիտ մարդ ես, հրաժարեցար ապագային յանցագործ դառնալէ»։
Օտարականը ներողութիւն խնդրեց եւ մեկնեցաւ, իսկ Մխիթար Հերացին որ իրապէ՛ս ամբողջ նուիրում եւ սէր էր մարդոց նկատմամբ, նորէն խորասուզուեցաւ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ։
*
Օր մը, աստուածաբանական ուսանողի մը իր բարեկամներէն մին կը հարցնէ. «Սիրելի՜ս, ուրախ եմ, որ Աստուծոյ ծառայութիւնը որպէս դաշտ եւ ասպարէզ ընտրած ես դուն քեզի։ Կրնա՞ս ըսել ինծի, թէ զայն ինչո՞ւ ընտրեցիր»։
«Զայն ընտրեցի որպէսզի մուճակագործ չդառնամ», կը պատասխանէ ան։
Մխիթար Հերացիին այցելող տակառագործը շատ աւելի ազնիւ մարդ է եղեր քան այս ուսանողը։
Կան ծառայութիւններ, որոնք իրապէ՛ս կոչում կը պահանջեն եւ ո՛չ թէ՝ ապրուստի միջոց եւ ոչ ալ համբաւ շահելու, հռչակաւոր ըլլալու եւ կամ ուրիշներու վրայ հիացում ստեղծելու առիթ։ Ծառայութիւնը, ծառայասիրութիւնը ինքնին կ՚ազնուացնէ, կը բարձրացնէ մարդը արդէն։ Սիրել մարդոց հոգիները եւ ծառայե՛լ անոնց փրկութեան ի խնդիր, շա՜տ աւելի վեհ գաղափար է քան գործ մը կատարել մեքենաբար։
Մխիթար Հերացիին հարցուցած հարցումները օտարականին, համազօր են պայմանի։
«Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր սպասաւորը ըլլայ, եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է ձեր ծառան ըլլայ, որովհետեւ Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու», կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոս. (ՄԱՏԹ. ԻԱ 26-28)։
Արդարեւ, զոհողութիւնը վեհ հոգիներու յատուկ առաքինութիւն մըն է՝ ազնիւ մարդու ցուցանի՛շն է ան։ Չէ՞ որ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։
Աստուծոյ կատարելութիւնը Իր անսակարկ սիրոյն մէջն է, որ սիրելով «մեղաւոր աշխարհ»ը Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի փրկէ։ Յիսուսի կատարելութիւնն ալ Իր անսակարկելի սիրոյն մէջն է. Ան սիրեց մարդը եւ Իր Անձը զոհեց անոր փրկութեանը համար։
Մարդուն կատարելութիւնն ալ այդ նո՛յն սիրոյն մէջն է։ Սէրը կ՚արտայայտուի անձնուրացութեամբ եւ զոհողութեա՛մբ։ Այո՛, տալը միշտ աւելի աստուածահաճո՛յ է՝ քան՝ առնելը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 16, 2020, Իսթանպուլ