ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՊՐԻԼ
Քրիստոս Աստուծոյ պարգե՛ւն է մարդկութեան։
Ան պարգեւ մըն է մարդկութեան՝ ո՛չ թէ մարդկութեան որեւէ արժանիքին համար, այլ՝ Աստուծոյ սէրը ապացուցանելու համար։ Արդարեւ, Աստուած սիրեց աշխարհը եւ անոր տուաւ իր պարգեւը՝ Իր Միածին Որդին։
Արդարեւ, «Ո՞վ է Քրիստոսը» հարցումին Պետրոս Առաքեալի պատասխանն է. «Կենդանի Աստուծոյ Որդի՛ն է»։ Եւ այս պատասխանը հի՛մն է քրիստոնէական հաւատքին։ Քրիստոնէութեան ամբողջ կառուցուածքը այս ճշմարտութեան վրայ հաստատուած կը մնայ։
Աստուած սիրեց աշխարհը՝ սիրեց մեղաւոր մարդկութիւնը, սիրեց «անսիրելի»ն, անհնազանդ մարդկութիւնը։ Եթէ չսիրէր, ապա ինչո՞ւ մարդկութիւնը իր մեղքերէն փրկելու համար փոյթ ունենար, եւ ուստի ինչո՞ւ ղրկէր Փրկիչը՝ Իր Միածին Որդին։
Ուրեմն, Քրիստոս, սիրոյ ապացոյցն է Աստուծոյ՝ մարդկութեան հանդէպ։
Կեանքի մէջ դիւրին է հաւատալ, բայց դժուար է՝ ապրիլ հաւատքի համաձայն։ Արդարեւ, Պետրոս Առաքեալի կեանքը օրինակ մըն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ սերունդէ սերունդ։
Այս ուղղութեամբ, բանականօրէն պարտաւորիչ է հաւատքի համաձայն ապրիլ։ Բայց խնդրական է այս պարագան. կ՚ապրի՞նք արդեօք մեր հաւատքին համաձայն։ Ուստի «կը հաւատամ» ըսել չի բաւեր, «հաւատացեալ երեւիլ» չի բաւեր. պէտք է հաւատքի համաձայն ապրիլ, որպէսզի հաւատքը կատարեալ ըլլայ։ Անշուշտ ասիկա բոլորովին մարդուս ներաշխարհը հետաքրքրող հարց մըն է, իւրաքանչիւր անձ իր անձին նկատմամբ պատասխանատու է։ Բայց իսկական հաւատքը, կատարեալ հաւատքը կը յայտնուի ո՛չ թէ մտածումով, ո՛չ թէ խօսքով, այլ՝ գո՛րծով։ Մարդուս իսկական նկարագրին ստուգանիշը իր գործն է՝ իր ապրած կեա՛նքը։ Ուրեմն, ամէն անձ պէտք է իր դատաւորը ըլլայ այս մասին։
Արդարեւ, մարդ երբ իրապէս կը հաւատայ, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է, Աստուծմէ ղրկուած Փրկիչը մեղաւորներու համար, պէտք է «պաշտել» զԱյն։ Եւ կատարեալ հաւատքը կը յայտնուի գործով, ուրեմն հաւատքին ապացոյցը պէտք է ըլլայ ապրուած կեա՛նքը։
Մարդ, ընդհանրապէս կը ճանչցուի իր գործերով։ Մարդուս գործերն են, որ իր մասին գաղափար մը կու տան շուրջիններուն ե՛ւ Աստուծոյ…։
Հաւատքը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։ Իր սիրոյն անհունութենէն բխող «Յայտնութեան» միջոցով, Աստուած, որ անտեսանելի է, Իր խօսքը կ՚ուղղէ մարդոց իբրեւ Իր բարեկամներուն, կը խօսի, կը զրուցէ անոնց հետ, կը հրաւիրէ որ մտնեն Իրեն հետ հաղորդութեան մէջ, ապա կ՚ընդունի զանոնք այս հաղորդութեան մէջ։ Եւ ահաւասիկ, համազօր պատասխանը այս հրաւէրին՝ «հաւա՛տք»ն է։
Արդարեւ, հաւատքով՝ մարդ իր իմացականութիւնը եւ կամքը ամբողջովին կ՚ենթարկէ Աստուծոյ։ Իր ամբողջ էութեամբ մարդը իր հաւանութիւնը կու տայ Ինքզինք յայտնող Աստուծոյ։ Եւ անշուշտ ասիկա միայն մտածումով կամ խօսքով չըլլար, այլ կեանքի կոչելով, այսինքն հաւատքը ապրելով եւ գործելով։
Սուրբ Գիրքը «հաւատքի հնազանդութիւն» կ՚անուանէ մարդուն այս «պատասխան»ը յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ։ «Հնազանդիլ հաւատքով»՝ ազատօրէն ենթարկուիլ է ունկնդրուած խօսքին, որուն ճշմարտութիւնը երաշխաւորուած է Աստուծմէ, որ նոյնինքն Ճշմարտութի՛ւնն է։ Աբրահամ տիպարն է այս հնազանդութեան, Սուրբ Գիրքը զայն իբր օրինակ կ՚առաջարկէ մեզի։ Կոյս Մարիամը այս հնազանդութեան ամենակատարեալ իրականացումն է։
Ուրեմն բացայայտ կերպով կը տեսնուի, որ հաւատքը պէտք է գործով յայտնուի, գործով ցոյց տրուի անոր էութիւնը։
Այսօր գրեթէ մոռցուած է, թէ տունը, ընտանիքը առտնին եկեղեցի մըն է, ինչ որ կը նշանակէ՝ «հաւատքով ապրիլ», ո՛չ միայն եկեղեցին, այլ ամէն տեղ եւ նաեւ տան մէջ, ընտանիքին մէջ հաւատքը՝ հաւատքի կեանք ապրելով ցոյց տալ։
Մեր տուներէն ներս հիւրեր կ՚ընդունինք, բայց Աստուծոյ Որդին կը թողունք դռնէն դուրս։ Ան երբ թակէ դուռը, չենք բանար, եւ ուրախութեամբ չենք դիմաւորեր եւ ներս չենք ընդունիր զԱյն։ Անկեղծութեամբ ե՛ւ քաջութեամբ խոստովանինք, թէ մեր դաւանած Փրկիչը մեր դռներուն ետին կեցած մեզի կը սպասէ, բայց դժբախտաբար Ան ներսը չէ՛…։
Եկեղեցիներ կան եւ եկեղեցիները պարապ ենք թողած։ Ո՞ւր ընդունինք, ո՞ւր պաշտենք ուրեմն, եւ ինչպէ՞ս պաշտենք Աստուծոյ պարգեւը՝ Իր Որդին, մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը։
Արդեօք կը խորհինք, թէ արդէն փրկուա՞ծ ենք եւ այլե՛ւս պէտք չունի՞նք Փրկիչին։ Այդ չէ որ կը համարձակինք ըսել լեզուով, բայց մեր առօրեայ կեանքը ճիշդ այդ կը յայտարարէ լռելեայն։
Մեր Փրկիչը պաշտենք ամէնուրեք եւ մեր սենեակին մէջ նաեւ առանձնութեան մէջ, մեր տան մէջ, մեր ընտանքին անդամներուն հետ, քանի որ տունը՝ ընտանիքը առտնին եկեղեցի մըն է։
Երբ առանձին կ՚աղօթենք, վստահի՛նք Աստուծոյ Որդւոյն, քանի որ վստահութեան ապահով եւ անսասան վէմը Ա՛ն է։
Պետրոս եւ իր աշակերտները տկարացան երբ փորձուեցան եւ իրենց վստահութիւնը պահ մը վերցուցին Քրիստոսի վրայէն։
Ամէն ինչ ունայն է ի բաց առեալ Քրիստոս Իր յայտնութեամբ՝ Աստուծոյ նկարագրին յաւիտենականութեան։
Եթէ այսօր մարդկութիւնը ապերջանիկ եւ խռովեալ վիճակ ունի ընդհանրապէս, հիմնական պատճառն է վստահութեան կորուստը, պակասը, ո՛չ միայն մարդ մարդու վրայ, այլ՝ Աստուծոյ, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգիին վրայ։
Ուերմն ապրինք մեր հաւատքին համաձայն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 12, 2020, Իսթանպուլ