ՄԻՇՏ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալման թափը չէ նուազած։ «Ամրան տաք օրերուն ենք։ Այս եղանակին դիմակ օգտագործելը անցեալ ամիսներուն նման դիւրին չէ։ Բոլորս դժուարութիւններ կ՚ապրինք։ Խնդրեմ, չյանձնուինք տաքերուն։ Այլապէս, չմոռնանք, որ նոր դէպքերը պիտի աւելնան», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա եւ աւելցուց, որ նոր դէպքերու պարագային տարիքի միջինը իջած է 32-ի։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 53 հազար 486 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1492 նոր վարակեալ։ Երէկ եւս 24 հոգի զոհ գնաց համաճարակի եւ մահացածներու ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 5025-ի։ Երէկուան դրութեամբ առողջացած հիւանդներու թիւը եղաւ 1386։
Այսպէսով, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, երէկ դարձեալ նոր վարակեալներու թիւը աւելի բարձր եղաւ՝ քան առողջացածները։
Երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ Թուրքիա ներկայիս համաճարակի երկրորդ ալիք մը չի դիմագրաւեր։ Այս շրջանը ի շարունակութիւն առաջին ալիքի ստեղծուած ալեկոծումներու շրջանն է։ Նոր դէպքերու թիւի բարձրացումը պայմանաւորուած է սահմանափակումներու նկատմամբ դրսեւորուած թուլութեամբ։
Նախարարը մատնանշեց, որ քորոնաժահրի ծաւալման թափը չէ նուազած։ Չէ նուազած նաեւ անոր հիւանդացնելու ուժը։ Այս երկու պարագաներով ընդհանրացած են սխալ տպաւորութիւններ։ Բաց աստի, նախարարը աւելցուց, որ շաբաթավերջի համալսարանի մտից քննութիւններու պարագային հնարաւոր բոլոր միջոցները ձեռք առնուած են։
Նախարար Ֆահրետտին Քոճա պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, ըստ որու հաւանակա՞ն է, որ յառաջիկայ «Քուրպան»ի տօնի շրջանին դարձեալ սահմանափակումներ հաստատուին երկրէն ներս։ Նախարարը ի պատասխան յայտնեց, որ այս պահու դրութեամբ օրակարգի վրայ չկան նոր սահմանափակումներ։ Թէեւ այժմէն դժուար է կանխատեսումներ ընել, սակայն ամենայն հաւանականութեամբ Ռամազանի տօնի շրջանին նման սահմանափակումներ պիտի չըլլան։