Շաբաթ 28, Դեկտեմբեր 2024
ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՃՕՃԱՆԱԿ
Չինաստանի Չունցին քաղաքի զբօսավայրերէն մէկուն մէջ ներկայացուած է աշխարհի ամենավտանգաւոր ճօճանակը, որ արտասովոր մարզաձեւեր սիրողներ կրնան օրօրուիլ 130 քմ/ժամ արագութեամբ՝ գտնուելով մօտաւորապէս 700 մեթր բարձրութեամբ ժայռի եզրին:
Զբօսավայրի ներկայացուցիչները յայտնած են, որ զբօսաշրջիկներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար օգտագործուած է աշխարհի ամենաամուր եւ անվտանգ շինարարական պողպատը եւ զօդման արդի փորձագիտութիւնները: Մասնագէտներու խօսքով՝ ան հակակայծակային եւ հակաելեկտրական է ու կրնայ դիմանալ 10 սաստկութեամբ երկրաշարժի:
Նորաբաց կառոյցը կազմուած է 100 մեթր բարձրութեամբ կամարէ եւ 108 մեթր բարձրութեամբ աշտարակէ՝ նախատեսուած մեկնարկի համար: Տեսարժան վայրը պաշտօնապէս կը բացուի յունիսի 30-ին:
Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020