ԱՅՍՕՐ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՆ Է ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԳՐՈՂ ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Այսօր՝ յունիս 26-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»ին եւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանի օրէնքի եւ իրաւունքի պաշտպանութեան անվեհեր ու անկաշառ դատապաշտպան մեծահռչակ խորհրդարանականին՝ Գրիգոր Զօհրապին:

Յունիսեան այսպիսի օր մը, Պոլսոյ հայահոծ Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ ծնաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակը:

Ոչ միայն իր ստեղծած գրականութեամբ, այլ նաեւ իր ծաւալած հասարակական-պետական գործունէութեամբ Գրիգոր Զօհրապ հանդիսացաւ ճշմարիտին եւ իրաւին պաշտպանութեան ու նուիրագործումին համար անխոնջ պայքարող մը, որ ծառայեց մէկ ու միակ սկզբունքի մը, իր իսկ բառերով՝ «Իմ բարոյականս կը կայանայ իրականը՝ սուտին, ճշմարիտը՝ կեղծին վերադասելուն մէջ ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ»:

Կոչումի եւ առաքելութեան այդ զգացողութեամբ ալ, ինչպէս Հրանդ Ասատուր կը վկայէ, «գրականութեան մէջ, ինչպէս ներքին կեանքի մէջ, Զօհրապ խանդավառ գեղապաշտ մըն էր: Երբ տեսնէր սիրուն գեղօր մը (պիպլօ), գեղարուեստական շէնք մը, արուեստագէտի նկար մը, չէր կրնար անտարբեր աչքերով անցնիլ անոնց առջեւէն: Ներդաշնակ նուագ մը իր հոգիին խորը՝ թաքուն թելեր թրթռացնելով, իր աչքերուն մէջ հրճուանքի փայլիւնը կը շողացնէր միշտ»:

Թէեւ իր աշխարհայեացքով պահպանողական մտածողութեան տէր էր՝ հաստատուած արժէքները եւ սկզբունքները անխաթար պահպանելու առումով, այդուհանդերձ իր բոլոր ուժերով հայ քաղաքական մտքի զարգացման ծառայելու յանձնառու մտաւորականն ու քաղաքական գործիչը եղաւ Զօհրապ, որ պատգամեց սերունդներուն, թէ՝ «Մարդկութեան գերագոյն շահը յառաջդիմութեան մէջ է: Հասարակութիւն մը, որ հնամաշ բարքեր ունի՝ յետադիմելու դատապարտուած կը մնայ, եթէ իր խորհելու, զգալու եւ աշխատելու եղանակները չնորոգէ»:

Գրիգոր Զօհրապ ինքնաբաւ ու աւանդապահ ընտանիքի մը զաւակն էր: Հայրը՝ Խաչիկ էֆէնտին, լումայափոխ էր, բնիկ՝ ակնցի: Մայրը՝ Էֆթիկ հանըմը, Մալաթիայէն էր: Զօհրապ նախնական կրթութիւնը ստացաւ Պէշիկթաշի Մաքրուհեան վարժարանին մէջ: 1870-ին մահացաւ հայրը: Մայրը վերամուսնացաւ նշանաւոր փաստաբան Աւետիս Եորտումեանի հետ եւ երկու որդիներուն՝ Միհրանի ու Գրիգորի հետ տեղափոխուեցաւ Օրթագիւղ։

Տղաքը իրենց ուսումը շարունակեցին տեղւոյն Թարգմանչաց վարժարանին մէջ: Հոն ալ սկիզբ առին Զօհրապի առաջին գրական նախափորձերը՝ ոտանաւորներ, յաջող շարադրութիւններ։

1876-ին Զօհրապ ընդունուեցաւ այդ շրջանին կրթական միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը՝ Կալաթասարայի վարժարանը, որ բացուած էր 1868 թուականին, ֆրանսական կառավարութեան հովանաւորութեամբ եւ Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանի անմիջական հսկողութեամբ: Ուսանեցաւ երկրաչափութիւն: Բաժինը աւարտեց փայլուն գիտելիքներով: 1880 թուականին աշխատանքի անցաւ խորթ հօր իրաւաբանական գրասենեակին մէջ իբրեւ գրագիր եւ, միաժամանակ, սկսաւ յաճախել Կալաթասարայի իրաւագիտութեան բաժինը: Սակայն վարժարանը փակուեցաւ: Եւ երբ 1881 թուականին բացուեցաւ «Հուքուքի» (իրաւունքի) վարժարանը, Գրիգոր Զօհրապ շուտով հոն արձանագրուեցաւ ու երկու տարի ուսանելէ ետք անկէ հեռացաւ՝ վկայական չստանալով: Բայց 1884 թուականին Էտիրնէի մէջ քննութիւն տուաւ եւ ստացաւ փաստաբան-իրաւաբանի վկայական:

Գրիգոր Զօհրապ գրական ասպարէզ մուտք գործեց 1878 թուականին, երբ հանդիպեցաւ Նիկողայոս Թիւլպենճեանին եւ դարձաւ անոր հրատարակած «Լրագիր» օրաթերթին աշխատակիցը: Միայն 17 տարեկան էր այն ատեն:

1880-ականներու սկիզբը մուտք գործելով հրապարակախօսական ասպարէզ՝ Զօհրապ դարձաւ ժամանակի գրական շարժման մասնակիցներէն եւ արդիւնաւէտ գործիչներէն մէկը: 1883-ին հրատարակեց Ասիական ընկերութեան «Երկրագունտ» հանդէսը, Յակոբ Պարոնեանի խմբագրութեամբ: 1885-ին նոյն հանդէսի էջերուն սկսաւ տպագրել իր անդրանիկ վէպը՝ «Անհետացած սերունդ մը» վերնագիրով: 1887-ին վէպը լոյս տեսաւ առանձին գիրքով։

1888-ին Զօհրապ ամուսնացաւ Քլարա Եազըճեանի հետ: Ունեցան չորս զաւակ՝ Լեւոն, Տոլորէս, Արամ եւ Հերմինէ։

1891-ին Զօհրապ առաջին անգամ ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի երեսփոխան, սակայն ժողովի բացման նիստին անոր ընտրութիւնը չվաւերացուեցաւ՝ 30 տարիքը լրացուցած չըլլալուն պատճառով:

1892-ին Զօհրապի խմբագրութեամբ հրատարակուեցաւ «Մասիս» ազգային, գրական, քաղաքական հանդէսը: Զօհրապի գրիչը այս շրջանին յատկապէս բեղուն եղաւ: Բայց տարի մը ետք՝ 1893-ին, հանդէսը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ:

Զօհրապի գրական գործունէութիւնը բուռն վերելք ապրեցաւ 1880-ականներու վերջերուն եւ 1890-ականներու սկզբնաւորութեան: «Արեւելք» օրաթերթին, ապա «Մասիս»ի մէջ լոյս տեսան Զօհրապի առաջին նորավէպները: Իր գրական ստեղծագործութեան հիմնական մասը ան արարեց 1887-1893 տարիներուն: Այս շրջանին Գրիգոր Զօհրապ գրեց նաեւ իր երկրորդ, բայց անաւարտ մնացած վէպը՝ «Նարտիկ»ը, ինչպէս նաեւ իրմէ ժառանգ մնացած անկըրկ-նելի նորավէպներուն մեծ մասը, նոյնպէս՝ բազմաթիւ հրապարակախօսական յօդուածներ, որոնք լայն ճանաչում ապահովեցին իրեն՝ իբրեւ գրողի եւ հրապարակախօսի:

Յետագային, երկար լռութենէ ետք, 1898 թուականէն սկսեալ, Զօհրապ դարձեալ երեւցաւ գրական ասպարէզի վրայ, այս անգամ իբրեւ անուանի ու վաստակաւոր գրող եւ հասարակական գործիչ:

Ապա Զօհրապ հեռացաւ գրական ասպարէզէն: Առաւելաբար փաստաբանական գործերով, կարեւոր դատավարութիւններով զբաղեցաւ: Պոլսոյ մէջ Զօհրապը իբրեւ իրաւաբան-փաստաբան յայտնի դարձաւ յատկապէս օտարներուն մօտ, որովհետեւ, տիրապետելով ֆրանսերէնին, յաճախ ինք կը պաշտպանէր անոնց դատերը: Զօհրապ նաեւ Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան թարգմանն էր ու իրաւագէտ-խորհրդականը: Օգտուելով այդ հանգամանքէն՝ ռուս օտարահպատակներու դատերը ստանձնեց եւ ունեցաւ Եւրոպա ազատօրէն երթեւեկելու իրաւունք: Մինչ այդ Զօհրապ գնաց Փարիզ, ուր ան յաջողեցաւ հրատարակել իր ֆրանսերէն իրաւագիտական աշխատութիւնը եւ մասնագիտական աշխատանքի լայն ասպարէզ գտնել: Ապա վերադարձաւ Պոլիս:

1908-ի օսմանեան խորհրդարանական ընտրութեանց Զօհրապ պատգամաւոր ընտրուեցաւ: Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանական գրեթէ բոլոր քննարկումներուն: Ինքն իր մասին Զօհրապ կը սիրէր ըսել, թէ՝ «Ես սահմանադրութեան փաստաբանն եմ»:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020