ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի ԶՕՐՈՒ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ուշ գիշերին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ իրերայաջորդ գրառումներով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան արձանագրեց, որ խորհրդարանի կողմէ կատարուած Սահմանադրական վերջին փոփոխութիւնները ուժի մէջ մտած են Հայաստանէ ներս։

«Սահմանադրական փոխութիւնները մտան ուժի մէջ։ Այս պահէն սկսեալ Հրայր Թովմասեան Սահմանադրական ատեանի նախագահ չէ։ Իսկ Ֆելիքս Թոխեան, Հրանդ Նազարեան եւ Ալվինա Կիւլիւմեան Սահմանադրական ատեանի անդամ կամ դատաւոր չեն։ Երկու ամսուայ ընթացքին պէտք է ընտրուին Սահմանադրական ատեանի երեք նոր դատաւորներ։ Հայաստանի բոլոր պետական մարմինները պարտաւոր են ի գիտութիւն ընդունիլ այս իրողութիւնը եւ առաջնորդուիլ ըստ այդմ», գրեց Նիկոլ Փաշինեան։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար նախատեսուած էր հանրաքուէ մը, սակայն քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած հանգամանքներով այդ մէկը աւելի վերջ ջնջուեցաւ եւ փոփոխութիւնները կատարուեցան խորհրդարանի կողմէ։ Այս ամբողջ գործընթացը եւ կատարուած փոփոխութիւնները զուգորդուեցան ընդդիմադիր շրջանակներու բուռն քննադատութիւններով եւ հակազդեցութիւններով։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020