ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
Բամբասանքը որեւէ կերպով արդարացնել կարելի չէ՛։ Բայց ոմանք կ՚ըսեն, թէ խօսելիք նիւթի պակասի պատճառով է, որ մարդիկ կը նախընտրեն բամբասել։ Համոզիչ պատճառաբանութիւն մը չէ՛ ասիկա։ Քանի որ «խօսելիք նիւթի պակաս»ին վերագրել «սխալ» մը՝ կը նշանակէ «սխալը ուրիշ սխալով մը սրբագրել», ինչ որ աւելի մեծ սխալ մը կը ստեղծէ եւ սխալը կը բազմապատկէ։ «Խօսելիք նիւթի պակաս»ը եթէ կայ, այդ կը նշանակէ գիտութեան պակաս, եւ եթէ գիտութեան պակաս կայ, կայ ուրեմն նաեւ գաղափարի պակաս։ Ուրեմն կը տեսնուի, թէ բամբասանքը, ըստ զայն արդարացնելու ջանքին մէջ գտնուողներուն՝ սխալներու շարք մըն է, հետզհետէ բազմացող։
Մէկ խօսքով, բամբասանքը լաւ բան մը չէ՛…։
Թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը այս մասին, միասին ուսումնասիրենք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։
Բամբասանքը չարութի՛ւն է կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն, եւ ան կու գայ «չար սիրտ»էն. «Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։ Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի՛» (ՍԱՂՄ. ԾԲ 2), եւ Աւետարանիչը կ՚աւելցնէ. «Բարի մարդը իր սիրտի բարի գանձէն բարիք կը բխեցնէ, իսկ չար մարդը՝ չարի՛ք, քանի բերանը սիրտին մէջ եղածն է, որ կը խօսի» (ՂՈՒԿ. Զ 45)։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ խօսելիք նիւթի պակասը չէ՛ բամբասանքին պատճառը, այլ «չար սիրտ»ը, նենգամիտ հոգին։
Առակախօսն ալ կ՚ըսէ, թէ Աստուած կը գարշի բամբասանքէն. «Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ» (ԱՌԱԿ. Զ 16-19)։
Զրպարտութիւնը ամէն բանէ առաջ ծայրայեղութիւնն է բամբասանքին, որ իրապէս աւերիչ եւ կործանարար ազդեցութիւն մը կը գործէ ընկերային-հասարակական կեանքին համար, եւ աւելի՛ն՝ անհատական կեանքի համար ալ վնասարար մոլութիւն մը կը հանդիսանայ։ Ուստի «մարդոց համբաւին յարգանք»ը դէ՛մ է ամէն կեցուածքի ու խօսքի՝ որոնք կրնան անոնց անարդար վնաս մը հասցնել։
Ինքզինք յանցաւոր դիրքի կը մատնէ անոր՝ իր յանդուգն դատողութեամբ, մերձաւորին վրայ նոյնիսկ լռելեայն՝ բարոյական թերութիւն մը իբր իրական կ՚ընդունի առանց բաւարար հիմնաւորումի, նաեւ չարախօսութեամբ, առանց առարկայականօրէն վաւերական պատճառի, ուրիշին թերութիւնները եւ յանցանքները կը յայտնէ զանոնք անգիտացող անձերու, եւ վերջապէս՝ զրպարտութեամբ, երբ ճշմարտութեան հակառակ խօսքերով վնաս կը պատճառէ ուրիշներուն վարկին ու արժէքին, արժանաւորութեան ու արժանապատուութեան, եւ առիթ կու տայ թիւր, սխալ դատողութիւններու անոնց մասին։
Ուրեմն խուսափելու համար յանդուգն դատողութենէն, իւրաքանչիւր անձ զգոյշ ըլլալու է՝ որքան կարելի է նպաստաւոր իմաստով մեկնաբանելու իր մերձաւորին մտածումները, խօսքերը եւ գործերը՝ որոնք ամբողջութիւնը կը կազմեն մարդկային ընդհանուր նկարագրին ու բնաւորութեան։ Չարախօսութիւն եւ բամբասանք կը կործանեն մերձաւորի մը վարկն ու պատիւը…։
Բամբասանքը բարոյապէս արգիլուա՛ծ արարքներէն է։
Սուրբ Գիրքն ալ կը վկայէ. «Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով» (ԵԼԻՑ. ԻԳ 1)։ Իսկ Յակոբոս Տեառնեղբայր իր Ընդհանրական նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Իրար մի՛ բամբասէք, եղբայրներ։ Ով որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ կը դատէ զայն Օրէնքը բամբասած կ՚ըլլայ կամ Օրէնքը դատած կ՚ըլլայ։ Դուն ո՞վ ես որ քու ընկերդ կը դատես» (ՅԱԿՈԲՈՍ, Դ 11-12)։ Ուրեմն բամբասանքը կը պարունակէ քսութիւն, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալ իր նամակներուն մէջ. «Այսինքն՝ լեզուին ամէն տեսակ անիրաւութեամբ, պոռնկութեամբ, անզգամութեամբ, ագահութեամբ, չարութեամբ, եւ ըլլան նախանձոտ, սպանող, հակառակասէր, նենգ, չարաբարոյ, բամբասող, չարախօս…» (ՀՌՈՄ. Ա 29-30)։ Եւ դարձեալ. «Բայց կը վախնամ որ երբ գամ՝ ձեզ չգտնեմ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ կ՚ուզեմ, եւ դուք ալ զիս գտնէք այնպէս՝ ի՛նչպէս պիտի չուզէիք։ Այսինքն, կը վախնամ որ դարձեալ ձեր մէջ կռիւ, նախանձ, զայրոյթ, իրարու դէմ գրգռութիւն, չարախօսութիւն, բամբասանք, հպարտութիւն, ամբարտաւանութիւն, եւ խռովութիւն ըլլայ» (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 20)։ Գէշ ու վատ կարծիքներ կը յայտնուին բամբասող բերաններու մէջ։
«Այնպիսին հպարտութեամբ կուրցած մըն է, որ ո՛չինչ գիտէ։ Խնդիրներ եւ վէճեր ստեղծելու հիւանդութիւնը ունի, եւ ատկէ ծնունդ կ՚առնեն՝ նախանձը, հակառակասիրութիւնը, հայհոյութիւնը, չար կասկածները, եւ անվերջ բաղխումները՝ միտքով ապականած եւ ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց միջեւ, որոնք կը կարծեն թէ կրօնքը շահի աղբիւր է։ Այդպիսիներէն հեռո՛ւ կեցիր» (Ա ՏԻՄ. Զ 4-5)։ Արդեօք կարելի՞ է ըսել, թէ բամբասանքը հիւանդութեան տեսակ մը, կամ ախտաւոր մտքի արտայայտութիւնն է… լա՛ւ է մասնագէտներու թողուլ այս հարցը, եւ շարունակել կարդալ, թէ՝ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը այս մասին…։
«Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են, բայց անմիտին շրթունքները զինք կը սպառեն» (ԺՈՂՈՎ. Ժ 12)։ Առաքեալն ալ կը շարունակէ. «Միաժամանակ, ծուլութեան վարժուելով՝ կը սկսին տունէ տուն շրջիլ, եւ ո՛չ միայն ծոյլ, այլ նաեւ բամբասող ու հետաքրքիր կը դառնան, եւ իրենց գործը չեղած բաներու մասին կը խօսին» (Ա ՏԻՄ. Ե 13)։ Որքան կը յիշենք, նախապէս անդրադարձած էինք «իրենց գործը չեղած բաներու մասին խօսողներ»ու, որոնք վտանգ կը սպառնան եւ վնաս կը պատճառեն ամբողջ ընկերութեան։
«Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս, ըսելով.- Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի» (ՍԱՂՄ. ԽԱ 5) եւ դարձեալ. «Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան բոլոր զիս ատողները. իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին» (ՍԱՂՄ. ԽԱ 7)։ «Ինծի հակառակ կեցողներուն ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն» (ՍԱՂՄ. ՃԹ 20)։ Կը հարցնեմ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. որեւէ տեղ, որեւէ ատեն, որեւէ կերպով տեսնուած է երբեք բամբասանքին օգուտը։ Ընդհակառակը՝ բամբասանքը միշտ վնաս պատճառած է մարդկութեան, մանաւանդ ընկերային եւ ընտանեկան շրջանակներու մէջ։
Երեմեայ մարգարէութեան մէջ կը կարդանք.
«Շատերէն պարսաւանք լսեցի, ամէն կողմ վախ կայ, ա՛լ չեմ կրնար հանգստանալ։ Չարախօսեցէ՛ք ու բամբասեցէ՛ք, ըսին, իմ բոլոր բարեկամներս, ինծի յարողները սխալիլս կը դիտեէին՝ ըսելով.- թերեւս անիկա խաբուի ու անոր յաղթենք եւ անկէ մեր վրէժը լուծենք» (ԵՐԵՄ. Ի 10)։
Այսօր ալ չարախօսութիւնը, բամբասանքը կը շարունակէ աւերել մարդկային ընդհանուր խաղաղութիւնը դժբախտաբար եւ չէ փոխուած մարդկային նկարագիրը. մեծ հաճոյքով կը բամբասէ, կը չարախօսէ, թերեւս առանց խորհելու անոնց գործած ընկերային աւերին մասին, եւ թերեւս ալ գիտակցաբար, ո՜վ գիտէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 6, 2015, Իսթանպուլ