ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԷՆ ՆՈՐ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հարցադրումներ հասցէագրեց Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթային։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութեան հիման վրայ՝ ան Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան ներկայացուց իր հարցումները՝ Ֆուատ Օքթայի կողմէ գրաւոր պատասխանի պահանջով։

Կարօ Փայլան այս անգամ օրակարգի վրայ բերած է Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի վերջին ծանօթ ժողովը, որու ընթացքին շօշափուած է հայկական հարցը։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուած ժողովէն վերջ յայտարարուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն պատասխանելու համար որոշուած է ինքնավար ու քաղաքային կառոյց մը ստեղծել։

Կարօ Փայլան այս կապակցութեան թուարկած է հինգ հարցումներ։ Ան փորձած է պարզել, թէ ճի՞շդ է, որ որոշուած է նոր կառոյց մը ստեղծել՝ 105 տարիէ ի վեր շարունակուող ուրացման քաղաքականութիւնը զարգացնելու համար։ Ի միջի այլոց ան յիշեցուցած է, որ նախագահ Էրտողան ամէն տարի 24 ապրիլին պատգամ մը հրապարակելով ցաւակցութիւն կը յայտնէ հայ ժողովուրդին, իսկ ներկայիս ինչո՞ւ հաւանութիւն կու տայ այնպիսի կառոյցի մը, որով ուրացումը պիտի կայանայ։  Յիշեցնելով, թէ ուրացուած յանցանքը կը կրկնուի՝ Կարօ Փայլան հարց տուած է, որ արդեօք այս կառոյցով ճանապարհ հարթուած պիտի չըլլա՞յ նոր յանցագործութիւններուն համար։ «Եթէ հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած, ապա հայ ժողովուրդը ո՞ւր է», հարց տուած է երեսփոխանը։

Հարցադրումներուն մէջ պատգամաւորը փորձած է պարզել նաեւ ուրիշ հանգամանք մը։ Ճի՞շդ է, որ այս վերջին նախաձեռնութեան գաղափարը յղացուած է Ճեմիլ Չիչէքի կողմէ։ Փայլան յիշեցուցած է, որ 2005 թուականին Ճեմիլ Չիչէք ջնջել տուած էր հայկական հարցի վերաբերեալ նախատեսուած ակադեմական գիտաժողով մը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020