ՊՕՂՈՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՎ ՆՈՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի դատական իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ վերստին պիտի դատուի երկրի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնապահներէն Աղամալ Յարութիւնեան։ 24-25 սեպտեմբեր 2001 թուականին Երեւանի «Առագաստ» սրճարանին մէջ գիշերուան ժամերուն սպաննուած էր Պօղոս Պօղոսեան։ Այս վերջինը սրճարանի լուացարանին մէջ գտնուած էր մահացած։ Ստուգուած էր, որ այդ պահուն Ռոպերթ Քոչարեանն ալ կը գտնուէր այս սրճարանը եւ Պօղոս Պօղոսեան անպատշաճ արտայայտութիւններ ունեցած էր անոր մասին եւ թիկնապահներն ալ միջամտած էին։  Այդ ժամանակ մեծ աղմուկ ստեղծուած էր այդ դէպքին բերումով։

Վերջին օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը բողոք ներկայացուց եւ պահանջեց այս գործին շուրջ ձեռնարկել նոր քննութեան մը։ Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական դատարանը որոշեց ընթացք տալ այդ պահանջին։ Ուստի, Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան վերաբերեալ քրէական գործը ուղարկուեցաւ Ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեան՝ նոր քննութեան համար։

«Սիվիլնեթ»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Աւագ դատախազութիւնը այսօր տեղեկացուց, որ Վերաքննիչ դատարանը 6 յուլիսի նիստին վճիռ արձակեց՝ բաւարարելու 2001-ին «Առագաստ» (Պոպլավոկ) սրճարանին մէջ Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան գործով դատախազութեան ներկայացուցած բողոքը, դատական այս գործը դարձեալ բանալու մտադրութեամբ՝ թղթածրարը  ուղարկելով Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարան։

Նախագահ Քոչարեանի թիկնապահներու խումբին անդամ Աղամալ Յարութիւնեանի կողմէ սպաննուած Պօղոսեանի գործով Աւագ դատախազութեան դիմում կատարած էր բրիտանացի Սթիւըն Ճան Նիութըն, որ 2001-ի այդ օրը կը գտնուէր սրճարանը։ Նիութըն դարձեալ հարցաքննուեցաւ եւ ըստ դատախազութեան, հարցաքննութենէն ի յայտ եկան նոր հանգամանքներ։

«Վարոյթի ընթացքին կատարուած են շարք մը գործողութիւններ, հարցաքննուած են վկաներ, որոնք հաստատած են Պօղոս Պօղոսեանին մի քանի հոգիով ծեծի ենթարկելու հանգամանքը: Հարցաքննուած է նաեւ Ճոն Սթիւըն Նիութըն, որ տուած է ներկայացուած վերոնշեալ վկայութեան նոյնաբովանդակ ցուցմունք», կը նշուի դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ կը յիշէ նաեւ, թէ կատարուած է դատաբժշկական նոր փորձաքննութիւն, որուն արդիւնքները էականօրէն տարբեր են նախապէս կատարուած փորձաքննութենէն։

«Նշուած հանգամանքը, քրէական գործով ձեռք բերուած այլ փաստական տուեալներու, այդ կարգին՝ գործով հարցաքննուած անձանց ցուցմունքներու հետ համակցութեամբ, կը հաստատեն, որ խումբ մը անձինք ձեռքերով եւ ոտքերով հարուածներ հասցուցած են Պօղոս Պօղոսեանի մարմնի տարբեր մասերուն, յատկապէս գլխուն, եւ պատճառած են փակ բութ գանգուղեղային վնասուածք», կը յայտնէ դատախազութիւնը։

Առայժմ, դատարանի որոշումով իբրեւ խափանման միջոց երկրէն չհեռանալու խոստումով ստորագրութիւն առնուած է Աղամալ Յարութիւնեանէն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020