ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐ
Սպանիոյ մէջ վերստին սահմանափակումներ բերած են եւ փակած՝ լողափները քորոնաժահրի համավարակի պատճառով։ Այսպէս, Սպանիոյ իշխանութիւնները ժողովուրդի կողմէ սիրուած տասնեակ լողափներ փակած են «COVID-19»ի տարածման երկիւղներու պատճառով: Այս մասին տեղեկացուցած են եւրոպական զանգուածային լրատուամիջոցները։
Մասնաւորապէս, Անտալուզի մէջ փակուած է աւելի քան յիսուն լողափ, որոնցմէ գրեթէ երեսունը Մալակայի մէջ։ Այս լողափներէն շատեր, ինչպէս կը սպասուի, աշխատանքի պիտի սկսին այս շաբաթ։ Տեղւոյն իշխանութիւնները այս քայլին ձեռնարկած են, երբ հանգստեան օրերուն լեփլեցուն դարձան լողափները, ուր մարդիկ չյարգեցին ու չպահպանեցին ընկերային հեռաւորութիւնը։ Քորոնաժահրի հետ կապուած իրադարձութիւններու հեռապատկերին Սպանիոյ հիւսիս-արեւմտեան Կալիսիա տարածքաշրջանէն ներս վերականգնուած են վերջերս չեղարկուած առանձին սահմանափակումները։
Այսպէս, ափամերձ շրջաններէն մէկու բնակիչներուն արգիլուած է մեկնիլ երկրի միւս մասերը: Բացի այդ, այնտեղ սահմանուած է դիմակներու պարտադիր կրում եւ արգիլուած՝ տասնէ աւելի թիւով մարդոց հանդիպումները։ Անհրաժեշտ է, որ սրճարաններն ու ճաշարանները 50 տոկոսով նուազեցնեն իրենց յաճախորդները։ Յուլիսի 4-ին Քաթալոնիայի մէջ նոյնպէս սահմանափակիչ միջոցառումներ նշանակուած են։
Աւելի քան 200 հազար հոգի Սեկրիայի շրջանէն ուղարկուած են մեկուսացման, անոնց արգիլուած է ուրիշ քաղաքներ մեկնիլ: Նման միջոցառումներ կը սահմանուին երկրին մէջ քորոնաժահրի հիւանդութեան դէպքերու աճին պատճառով։ Սպանիոյ մէջ համավարակի օրերուն յայտնաբերուած էր վարակեալներու շուրջ 300 հազար դէպք, աւելի քան 28 հազար մարդ մահացած էր։