ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Հայաստանի մէջ սկսած է գործել «Քալաշնիքով» ինքնաձիգ հրացաններու արտադրութեան գործարանը։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց այս գործարանը՝ ուղեկցութեամբ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանի։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շրջայց մը կատարեց արտադրամասէն ներս։ Այս առթիւ իրեն տեղեկացուեցաւ, որ գործարանէն ներս ամէն տարի պիտի արտադրուի 50 հազար միաւոր ինքնաձիգ։ Կը նախատեսուի նաեւ նանօմանրաթելերու եւ անոնց հիմքով զանազան իրերու արտադրութիւնը։ Մասնաւորապէս, գործարանէն ներս պիտի արտադրուին օփթիքա-ելեկտրոնային սարքեր, գիշերային ջերմային նշանոցներ։ Ամբողջական փորձարկումէ վերջ պիտի սկսի արտադրութիւնը ու տարուան մը ընթացքին պիտի բաւարարէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պահանջարկը։
Ռուսական այս յայտնի ինքնաձիգերու Հայաստանի մէջ արտադրութեան համաձայնագիրը ստորագրուած էր 2018 թուականի օգոստոսին։ Արտադրանքի մէկ մասով կը համալրուի Հայաստանի զինեալ ուժերու զինանոցը, իսկ միւս մասը՝ կ՚արտածուի։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց Հայաստանի մէջ «Քալաշնիքով» ինքնաձիգի արտադրութեան հիմնումը։ Ըստ իրեն, սա Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմաարդիւնաբերական ոլորտէ ներս սերտ համագործակցութեան արդիւնքը կը համարուի։
Փաշինեան ծանօթացաւ նաեւ ինքնաձիգերու արտադրութիւնը իրականացնող «Նէյթրոն» գործարանի յառաջիկայ ծրագրերուն։ Նշուեցաւ, որ այս գործարանի կողմէ Հայաստանէ ներս իրականացուած փամփուշտներու արտադրութիւնը Երեւանէն պիտի տեղափոխուի Կոտայքի մարզ։ Տարածքներու վերանորոգումէ եւ արդի հոսքագծերով համալրումէ վերջ պիտի սկսի զանազան տրամաչափերով փամփուշտներու արտադրութիւնը եւ այսպէսով նոր աշխատատեղիները պիտի աւելնան երկրէն ներս։ Կոտայքի մարզէն ներս գտնուող մասնաճիւղի խարիսխին վրայ կը նախատեսուի հիմնել ինքնաշարժներու եւ զրահապատերու վերանորոգման արտադրամասեր։