ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
ԱԳ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեան թափով կը շարունակէ նախընտրական քարոզարշաւը։ Հասարակութեան զանազան խաւերուն հետ շփուելու զուգահեռ ան միշտ իր հետաքրքրութեան առարկայ կը պահէ նաեւ մեր համայնքը։ Երէկ երեկոյեան, Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Մարգար Էսաեան Թագսիմի «Elite World» պանդոկի երդիքին տակ մէկտեղուեցաւ համայնքային եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն գործիչներու հետ։ Անմիջական ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցան նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան։ Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախըմբըւածները զօրակցութիւն յայտնեցին Մարգար Էսաեանին նկատմամբ, որպէսզի ան կարենայ մաս կազմել նոր խորհրդարանին։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Թամար Գարասուի հանդիսավարութեամբ։ Ան միեւնոյն ժամանակ պատասխանատուութիւն ստանձնած էր սոյն երեկոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մարգար Էսաեան, որ անդրադարձաւ յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ իր մտադրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն։
Թեկնածուին առընթեր խրախուսական արտայայտութիւններ ունեցան նաեւ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Ընթրիքի աւարտին համայնքային գործիչները հրաժեշտ առին յաջողութեան մաղթանքներ յղելով Մարգար Էսաեանին։