ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՉԵՐ

Միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն։ Լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ կոչերը իրարու կը յաջորդեն։ Այս մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն, այլապէս՝ երկու երկիրներու միջեւ հաւանական լայնածաւալ հակամարտութիւն մը կրնայ վերածուիլ աղէտի։

Կութերեսի բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, որ ընդհանուր քարտուղարը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութեան։ Առկայ իրավիճակին մէջ Կութերես զսպուածութեան կոչ կ՚ուղղէ կողմերուն։

Շաբաթավերջին Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապն ալ անդրադարձած էր վերջին դէպքերուն։ Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն ուղղեալ պատգամին մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրադադարի ընդհանուր կոչին եւ այդ ամբողջին մէջ խօսած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին։ «Առանձնայատուկ ուշադրութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն Կովկասի տարածքաշրջանէ ներս տեղի ունեցած զինեալ բախումներու սրացման՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ», ըսած է Սրբազան Պապը՝ յոյս յայտնելով, թէ միջազգային հանրութեան յանձնառութեամբ, երկխօսութեան ու բարի կամքի միջոցաւ հնարաւոր կ՚ըլլայ խնդիրը խաղաղ լուծման հասցնել, յանուն ժողովուրդներու բարօրութեան։ Ան կոչ ուղղած էր նաեւ, որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հաստատուի խաղաղութիւն։

 Վերջին օրերուն սահմանի վրայ իրադրութիւնը որոշ թափով լիցքաթափուած է։ Այս իրավիճակին մէջ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ անդրադարձաւ վերջին դէպքերուն։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ ԹԱՍՍ գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ այս հարցին շուրջ։ Քրեմլինի բանբերը յոյս յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը հնարաւորինս արագ կը կարգաւորուի։

Նկատի ունենալով, որ բախումներու շրջանին Ռուսաստանի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ ալ լարուածութիւններ յառաջացած էին՝ Փեսքով խօսեցաւ այս կապակցութեամբ եւ ըսաւ. «Ռուսաստանի մէջ կը բնակին մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ եւ հայեր, որոնք ունին քաղաքացիութիւն, հանրութեան յարգելի անդամներ են եւ բարեպաշտ քաղաքացիներ։ Բայց ակնյայտ է, որ մեր այդ քաղաքացիները չեն կրնար անտեսել լարուածութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ ի հարկէ, զգացական արձագանգ կու տան։ Ռուսաստան կողմերուն կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնել կրակը եւ հրաժարիլ բռնութենէ»։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորումը թոյլ պիտի տայ նաեւ յաղթահարել Ռուսաստանէ ներս հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ յառաջացած յուզականութիւնը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ ռուսական «Քոմերսանտ» թերթին։ Ան պատասխանեց ռուսական թերթի հարցումին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը երկրորդակա՞ն դարձած է։ Ի պատասխան բանբերը ըսած է հետեւեալը. «Տակաւին 2016 թուականին Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին հասցուց ծանր հարուած մը, որու հետեւանքները մինչեւ վերջերս չէին յաղթահարուած։ Վերջին երկու տարիներու ընթացքին մենք արձանագրեցինք յստակ դրական տեղաշարժեր, նուազած էր հրադադարի խախտումներու ցուցանիշը, համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ։ Այս բանի իրագործման առաջին քայլը դարձաւ լրագրողներու փոխանակման ծրագիրը։ Վերջին ամիսներու ընթացքին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ ատելութեան հռետորաբանութիւնը եւ սպառնալիքները, ռազմատենչ յայտարարութիւնները, որոնց համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ վերջին սրացումը, հաշտութեան գործընթացը վերադարձուցին 2016 թուականի ապրիլի դրութեան։ Մենք աւելի առաջ համաձայնած էինք ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու։ Սակայն վերջին իրադարձութիւնները եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յարձակողական յայտարարութիւնները ցոյց տուին, որ ոչ թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է ժողովուրդը նախապատրաստեն, այլ՝ ընդհակառակն Ատրպէյճանի ժողովուրդը պէտք է իր ղեկավարութիւնը նախապատրաստէ խաղաղութեան»։

 Հարկ է յիշեցնել, որ Աննա Նաղդալեան շաբաթավերջին ալ տեղեկացուցած էր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործնական ուղիղ կապը թէեւ կը գործէ, սակայն սահմանային վերջին իրադարձութեան սրումը դիտաւորեալ բնոյթ կը կրէ եւ այս պատճառով հայկական կողմը նախընտրած է չօգտուիլ այդ ուղիղ կապէն եւ աշխատանքները իրականացուած են միջնորդներու միջոցաւ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՔԱԼԸՆ

Միւս կողմէ, Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Պաքուի ի նպաստ պատգամներով հանդէս գալ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ այս հարցին շուրջ խօսելով քննադատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը եւ յայտնեց, որ անոր գործունէութիւնը անարդիւնաւէտ է։ «Վերջին բախումները հրահրած ուժերը՝ անհանգստանալով Ատրպէյճանի քաղաքական եւ տնտեսական հզօրացումէն, կը փորձեն ճնշման տակ պահել զայն», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն ու կրկնեց, որ այս հարցին մէջ Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին է։ Ան աւելցուց. «Ատրպէյճանի հետ ռազմական համագործակցութեան պայմանագիր ունինք։ Այդ մէկը կրնայ ամրապնդուիլ եւ ընդլայնուիլ։ Ատրպէյճանը երբեք առանձին չենք թողուր սեւ օրերուն»։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020