ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՏՂԱՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԷՍԿԻՇԷՀԻՐ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Էս­կի­շէ­հիր։ Խում­բին գլու­խը կը գտնուէին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան եւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Լու­սիա Գը­լընճ­լը։

Սիվ­րի­հի­սա­րի եւ Էս­կի­շէ­հի­րի շրջա­կայ­քին բազ­մա­կող­մա­նի պտոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին տղա­քը։ Սիվ­րի­հի­սա­րի մէջ այժմ վե­րա­նո­րո­գուած պատ­մա­կան հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ու հա­մա­լի­րը շրջե­լէ վերջ ա­նոնք ի­րենց ճամ­բոր­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­ցին՝ այ­ցե­լե­լով թան­գա­րան­ներ եւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին նշա­նա­կու­թեամբ զա­նա­զան վայ­րեր։ Շրջա­նի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­ներն ալ վա­յե­լե­լով, տղա­քը տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­ցին նաեւ բնա­կիչ­նե­րու ա­ռօ­րեա­յին ա­ռըն­չու­թեամբ։

Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի խում­բը վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձաւ Իս­թան­պուլ։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015