ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԴԻՏԵՑԻՆ «ՄԻՒՍ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը երկ­սեռ ա­շա­կերտ­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի ու պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի Իք­պալ Փո­լա­տի, «SALT-Galata» մշակոյթի կեդրոնին մէջ դի­տե­ցին Նե­ֆին Տին­չի ու Հեր­քիւլ Միլ­լա­սի կող­մէ պատ­րաս­տուած ու նկա­րա­հա­նուած «Միւս գիւ­ղա­քա­ղա­քը» խո­րագ­րով վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը։ Յու­նաս­տա­նի Դի­միթ­սա­նա եւ Թուր­քիոյ Պիր­կի գիւ­ղա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած նկա­րա­հա­նում­նե­րու մի­ջո­ցով հե­ղի­նակ­նե­րը ի վեր կը հա­նեն թուր­քե­րու եւ յոյ­նե­րու ի­րա­րու հան­դէպ ու­նե­ցած թշնա­մա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը, որ յա­ռաջ ե­կած է դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն, պե­տա­կան քա­րոզ­չու­թեան, թան­գա­րան­նե­րուն եւ այլ ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րու միա­ցու­մով։ Հե­տե­ւա­բար, «թշնա­ման­քը» խա­խուտ հիմ­քե­րու վրայ է եւ պի­տի փլի, ե­թէ դէմ յան­դի­ման գան եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը, ճանչ­նան զի­րար ուղ­ղա­կիօ­րէն։

Ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք բե­մադ­րիչ Նե­ֆին Տինչ պա­տաս­խա­նեց ի­րեն ուղ­ղեալ հար­ցում­նե­րուն։ Ա­շա­կերտ­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ բաժ­նուե­ցան սրա­հէ­ն։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015