ԽՐԻՄԻ ՀԱՆԴԷՊ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Խրի­մի թուր­քե­րու տե­ղա­հան­ման 71-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Խրի­մի թա­թար­նե­րու ղե­կա­վար Մուս­թա­ֆա Ապ­տիւլ­մե­ճիտ Քը­րը­մօղ­լուի հետ, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ուք­րայ­նոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րէն է։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ սու­գի այս օ­րուան առ­թիւ Թուր­քիա զօ­րակ­ցու­թեան մէջ է իր թա­թար ցե­ղա­կից­նե­րուն հետ։ Էր­տո­ղան յի­շե­ցուց, թէ տա­րե­լի­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կած էր նաեւ գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Ըստ ի­րեն, Խրի­մի թա­թար ժո­ղո­վուր­դին են­թար­կուած տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րուած է որ­պէս սեւ էջ մը եւ մարդ­կու­թե­նէ դուրս այս դէպ­քը եր­բեք մո­ռա­ցու­թեան պի­տի չեն­թար­կուի։

Էր­տո­ղան հեր­թա­կան ան­գամ այս ող­բեր­գու­թեան բո­լոր զո­հե­րու հո­գի­նե­րուն հանգս­տու­թիւն հայ­ցեց եւ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մի սկիզ­բէն ի վեր նա­խա­պա­տուու­թիւն ըն­ծա­յած է Խրի­մի թա­թար­նե­րու ան­դոր­րու­թեան ու անվ­տան­գու­թեան նկատ­մամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շեշ­տեց նաեւ, թէ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին մտա­հո­գիչ։ Ար­դա­րեւ, ռու­սա­կան տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չեն թոյ­լատ­րած՝ Մա­յի­սի 18-ին Խրի­մի մէջ հա­ւա­քա­կան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, ինչ որ ա­նըն­դու­նե­լի կը նկա­տուի։

Իր կար­գին, Քը­րը­մօղ­լուն ալ Էր­տո­ղա­նին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց՝ Խրի­մի հար­ցին շուրջ դրսե­ւո­րուած զգայ­նու­թեան եւ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015