ՀԱՅԱԶԳԻ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԱՍՏՂԱԳԷՏ ՎԻԿՏՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն է արդի աստղագիտութեան հսկաներէն մէկը՝ Վիկտոր Համբարձումեան, որ միաժամանակ իր տեղը ունի դարու գիտնականներուն մէջ: Ան բացառիկ ուժեղ անհատականութիւններէն է, որոնք ճշմարտութեան յաւերժական որոնումներու մէջ կը ձգեն իրենց ուրոյն հետքը: Այդ մէկը յաջողած է շնորհիւ անոր տաղանդի, աշխատասիրութեան եւ բացառիկ համբերութեան:
1908 թուականի սեպտեմբերի 18-ին, Թիֆլիզի մէջ, Համազասպ Համբարձումեանի յարկին տակ ծնած հայ գիտական մտքի այս բացառիկ ծնունդը տակաւին իր երիտասարդ տարիքին իսկ, աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն աստղագէտներէն մէկը։
Վիկտոր Համբարձումեանի հայրը՝ Համազասպ Ասատուրի Համբարձումեանը եղած է իրաւաբան, գրականագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ դասական յունարէնէ արեւելահայ աշխարհաբարի թարգմանած է Հոմերոսի «Իլիական»ը եւ «Ոդիսական»ը: Նկատելով երեք-չորս տարեկան զաւկին՝ թիւերու նկատմամբ ունեցած մեծ հետաքրքրութիւնը, հայրը աւելի լրջօրէն կը զբաղի օժտուած զաւկին հետ՝ զարգացնելով անոր բնատուր բնագիտական ձիրքը։ Դպրոցական տարիներուն առաւել ցայտուն դրսեւորուած է թուաբանութեան եւ աստղագիտութեան հանդէպ անոր հակումները։ Տակաւին դպրոցական տարիներուն 15-ամեայ Վիկտոր Համբարձումեան Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ դասախօսներու եւ փրոֆեսէօրներու համար կարդացած է բնագիտութեան եւ աստղագիտութեան խնդիրներու մասին հրապարակային դասախօսութիւններ, որոնք կ՚ունկնդրուէին մեծ հետաքրքրութեամբ: 1924 թուականին սկսած է ուսանիլ Լենինկրատ։ 1926 թուականին, տակաւին ուսանող, ան հրատարակած է իր առաջին գիտական յօդուածը՝ նուիրուած արեգակնային դրութեան։ Ուսանողական տարիներուն հայ տաղանդաւոր երիտասարդը տպագրած է աւելի քան տասնհինգ յօդուած, եւ այդ տարիներուն արդէն իր անունին կապած է համաշխարհային տարողութեամբ գիտական յայտնագործումներ։ Ան նուաճումներ ունեցած է ո՛չ միայն աստղագիտութեան, այլ նաեւ՝ աստղային բնագիտութեան, աստղերու միգածութիւններու բնագիտութեան եւ այլ գիտական բնագաւառներու մէջ:
Վիկտոր Համբարձումեան Հայաստանի Ազգային հերոս է։ Այս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչումն է։ Ան կը շնորհուի երկրի պաշտպանութեան, իրաւակարգի ամրապնդման բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ՝ ազգային նշանակալի արժէքներու ստեղծման գործին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցած համազգային նշանակութիւն ունեցող բացառիկ ծառայութիւններուն համար: Վիկտոր Համբարձումեանին «Հայաստանի Ազգային հերոս» կոչումը շնորհուած է Համաշխարհային նշանակութեան գիտական արժէքներու ստեղծման, գիտութեան կազմակերպման բնագաւառին մէջ մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու եւ ազգանպաստ հասարակական գործունէութեան համար: Կոչումը շնորհուած է գիտնականին 1994 թուականին, իր կենդանութեան օրերուն, մահուընէ երկու տարի առաջ:
Տակաւին 1934 թուականին, Վիկտոր Համբարձումեան եղած է հիմնադիրը Խորհրդային Միութեան առաջին Աստղաբնագիտութեան ուսումնական կեդրոնին:
Մինչեւ 1941 թուականը վարած է տնօրէնութիւնը Լենինկրատի Պետական համալսարանի աստղադիտարանին։
1961-1964 թուականներու միջեւ հայազգի մեծ գիտնականը արժանաւորապէս նախագահ ընտրուած է Միջազգային աստղագիտական միութեան։
Իսկ ատկէ ետք ալ՝ երկու շրջան, 1968-1972 թուականներու միջեւ, ստանձնած է նախագահութիւնը Համաշխարհային գիտական միութիւններու միջազգային խորհուրդին։
Թէեւ Վիկտոր Համբարձումեան գիտականօրէն կազմաւորուեցաւ Լենինկրատի մէջ եւ դարձաւ խորհրդային երիտասարդ գիտնականներու փաղանգին յառաջապահ ջահակիրներէն մէկը, իր սիրտը սակայն միշտ կապուած մնաց հայրենի լեռներուն՝ Հայաստան աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին։
Երբ Երկրորդ աշխարհամարտի ամենէն բուռն մէկ հանգրուանին, 1943 թուականին, Խորհրդային Հայաստանը արտօնութիւն ստացաւ հիմնելու Գիտութիւններու իր ակադեմիան, Վիկտոր Համբարձումեան շտապեց Երեւան։ Նորաստեղծ ակադեմիոյ առաջին նախագահը ընտրուեցաւ մեծանուն հայ գիտնական Յովսէփ Օրբէլին, իսկ Վիկտոր Համբարձումեանին վստահուեցաւ փոխ-նախագահութիւնը։ 1947 թուականին Վիկտոր Համբարձումեան ընտրուեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահ եւ այդ պաշտօնին վրայ վերընտրուեցաւ շարունակ, մինչեւ 1993 թուականը, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ պատուոյ նախագահը։
Վիկտոր Համբարձումեանի մեծագոյն նուաճումը եղաւ հիմնադրութիւնը Բիւրականի աստղադիտարանին, որուն անփոփոխ տնօրէնը մնաց մինչեւ 1988 թուականը՝ համաշխարհային արժէքով գիտական կարեւորագոյն կեդրոնի մը վերածելով զայն եւ գիտնականներու ամբողջ սերունդ մը հասցնելով։ Արագածի լանջերուն հիմնուած աստղադիտարանը կը նկատուի Եւրոպայի կարեւորագոյն աստղադիտարաններէն մէկը՝ հինգ հիմնական դիտակներով:
Իր կենդանութեան արդէն, Վիկտոր Համբարձումեան հպարտութեան առասպելական խորհրդանիշ մը դարձաւ ժամանակակիցներուն համար։
Օտարի հետ իր կնքած ամուսնութիւնը թերեւս եղած է պայմաններու բերմամբ, քանի որ ան գերագոյն սրբութեամբ պաշտած է իր մայրենի լեզուն եւ բոլոր այն մարդիկը, որոնք կը խօսէին մաքուր հայերէնով: Իր յուշերուն մէջ Վիկտոր Համբարձումեան գրած է, որ մանկութեան ժամանակ ընտանիքին մէջ հայոց լեզուն եղած է սրբութիւն։ «Երբեք չեմ մոռնար մեր պարոնը՝ հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչը, որ հայոց լեզուի լաւագոյն ուսուցիչներէն էր Թիֆլիզի մէջ: Անունը Հայկ էր, ազգանունը՝ Յովակիմեան: Կը յիշեմ զինք այնպէս, ինչպէս պէտք է յիշել սուրբերը», ըսած է Համբարձումեան:
Եւ բնաւ պատահական չէ, որ աշխարհահռչակ աստղագէտը սերունդներուն կտակեց փառաւոր կտակ մը, որ բացառիկ ըլլալով մնաց պատմութեան մէջ: Իր մահէն երկու տարի առաջ ան գրած էր իր կտակը:
Մեծանուն հայը ութսուն տարեկան էր, երբ հայ ժողովուրդը Արցախի միացման պահանջով ոտքի ելաւ եւ պատմութեան ընթացքը շրջող ազգային շարժումը ծաւալեց:
Վիկտոր Համբարձումեան ո՛չ միայն 1988 թուականի արցախեան պահանջատիրական շարժման առաջնորդ մեծերու խորհուրդին ոգեշնչող ուժը դարձաւ, այլեւ իբրեւ Խորհրդային Միութեան համամիութենական խորհրդարանի երեսփոխան Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Զօրի Բալայեանի հետ անձնապէս դիմեց հացադուլի, բողոքելու համար ատրպէյճանեան իշխանութեանց գործադրած հակահայ սպանդին, ինչպէս նաեւ Կորպաչովներու վարած երկդիմի քաղաքականութեան դէմ։
Ծանօթ է, որ հացադուլին առիթով, Խորհրդային Միութեան այդ օրերու թիւ մէկ իշխանաւորը՝ Միխայիլ Կորպաչով յատուկ բանագնաց ուղարկեց մեծանուն հայուն մօտ, նախ Վիկտոր Համբարձումեանի ծննդեան 80ամեակը շնորհաւորելու, բայց նաեւ յորդորելու, որ խնայէ իր առողջութեան եւ վերջ տայ հացադուլին...
Աշխարհահռչակ աստղագէտին պատասխանը եղաւ.
«Կը խնդրեմ Միխայիլ Սէրկէյեւիչին փոխանցել, որ եթէ ինքը կը խնդրէ դադարեցնել քաղաքական ձեռնարկումը, ապա կրնար նշել նաեւ հացադուլ յայտարարած իմ ընկերներուն անունները: Թէ ոչ, տեսակ մը լաւ չստացուիր: Անոր նաեւ փոխանցեցէք, որ մենք կ՚երթանք մինչեւ վերջ եւ որ անձամբ ես երբեք չէի դիմեր նման ծայրայեղ միջոցի, եթէ վստահ չըլլայի իմ իրաւացիութեան»:
Մեծանուն հայը տեսաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի վերանկախացումը։
Ան մահացաւ 12 օգոստոս 1996 թուականին, 88 տարեկան հասակին եւ յաւերժական իր հանգիստը գտաւ իր ձեռակերտը հանդիսացող Բիւրականի աստղադիտարանի մերձակայքը, Համբարձումեաններու ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Այդտեղ յուղարկաւորուած են նաեւ անոր մայրն ու հայրը: Վիկտոր Համբարձումեանի առանձնատունը այժմ մեծ գիտնականի տուն-թանգարանն է, իսկ Բիւրականի աստղադիտարանը 1998 թուականէն ի վեր կը կրէ իր հիմնադրի անունը։
Վիկտոր Համբարձումեան պատգամ ունեցած է սերունդներուն. «Առանց երեւակայութեան հոգին նոյնն է, ինչ որ աստղադիտարանը՝ առանց հեռադիտակի»:
Վիկտոր Համբարձումեանին շնորհուած է ժամանակի բոլոր գիտական մրցանակները, երկու Սթալինեան մրցանակ, Ռուսաստանի Պետական մրցանակ եւ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիոյ Լոմոնոսովի անուան ոսկեայ մետայլ: Վիկտոր Համբարձումեան երկու անգամ արժանացած է Խորհրդային Աշխատանքի հերոսի կոչման, պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով ու մետայլներով։
Բացի Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչումէն, պարգեւատրուած է Հայրենիքի շքանշանով։
Մեծանուն գիտնականը ընտրուած է կարգ մը ակադեմիաներու արտասահմանեան կամ պատուաւոր անդամ. ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներու, Աւստրիոյ, Ատրպէյճանի, Պելժիոյ, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Իտալիոյ, Լոնտոնի Թագաւորական ընկերութեան, Հոլանտայի, Շուէտի, Վրաստանի, Ֆրանսայի, Պոստընի Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան ակադեմիոյ, Նիւ Եորքի Գիտութիւններու ակադեմիոյ, Հալէյի Բնագէտներու գերմանական «Լէոփոլտինա» ակադեմիոյ, Անգլիոյ եւ Գանատայի Թագաւորական աստղագիտական ընկերութիւններու, Ամերիկեան Աստղագիտական ընկերութեան, Քէյմպրիճի Իմաստասիրական ընկերութեան։ Եղած է Լիէժի, Աւստրալիոյ Ազգային, Լա Փլաթայի, Փարիզի, Փրակի, Ն. Կոպեռնիկոսի անուան Թորունի համալսարաններու պատուոյ տոքթոր։
Վիկտոր Համբարձումեան արժանացած է Խաղաղական ովկիանոսի եւ Բրիտանական Թագաւորական աստղագիտական ընկերութիւններու ոսկեայ մետայլներուն, Սլովաքիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ ոսկեայ մետայլին, Ֆրանսական Աստղագիտական ընկերութեան Ժանսենի անուան ոսկեայ մետայլին, Պերլինի Գերմանական գիտութիւններու ակադեմիոյ Հելմհոլցի անուան ոսկեայ մետայլին։
Մեծ գիտնականի անուամբ կոչուած է թիւ 1905 փոքր մոլորակը (որ կը կոչուի Ambartsumian), զայն յայտնաբերած է Սմիռնովան՝ Խրիմի աստղադիտարանին մէջ՝ 1972 թուականի 14 մայիսին:
ՎԻԿՏՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻ ԿՏԱԿԸ
Ինձ յաջորդող սերունդներուն, թոռներուս, ծոռներուս կը կտակեմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարէ ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ ըլլալ հայերէնէն, անկախ այն բանէ, թէ քանի տոկոս է անոր մէջ հայկական արիւնը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակեր:
Մենք կը փոխանցենք սերունդներուն ոչ թէ արիւն, այլ գաղափարներ եւ գաղափարներու մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է:
Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզուն:
Գիտցէ՛ք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղած է ու կը մնայ, քանի կ՚ապրիմ, հայոց լեզուին տիրապետելը: Կը ցանկամ երջանկութիւն բոլորիդ:
29.08.1994