1648 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ մասնակցութիւն բերաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի շրջանային կոմիտէի համագումարին։ Առցանց հաւաքի ընթացքին նախարարը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան այս առթիւ տեղեկութիւններ փոխանցեց պատուաստանիւթի այն փորձարկումներուն շուրջ, որոնք Հաճեթթեփէի համալսարանէն ներս յառաջ կը տարուին։

Մինչ այդ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 109 հազար 985 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1648 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 66 հոգի զոհ գնաց հաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1143։ Այս պահու դրութեամբ 1372 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յիշեալ տուեալներու լոյսին տակ յայտնեց. «Մեզմէ կախում ունի կորուստներու եւ ծանր հիւանդներու թիւի կասեցումը։ Եթէ միասնաբար հնազանդինք սահմանափակումներուն, ապա պիտի յաջողինք։ Մեր առողջապահական բանակի ուժը բազմապետկեցէք՝ հնազանդելով նախազգուշական միջոցներուն»։

Միւս կողմէ, Ազգային

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020