ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԽՈՀԵՐ

Ահաւասիկ, անգամ մը եւս աշակերտներ, ուսանողներ, ծնողներ եւ ընտանիքներ կ՚ապրին վերամուտի ոգեւորութիւնը։ Ի՜նչ փոյթ որ այս տարի այս ոգեւորութիւնը կ՚ապրուի ներկայ համավարակի ստուերին ներքեւ՝ սրտաբեկութեամբ, աննախընթաց պայմաններու մէջ, անորոշութեան եւ զգուշութեան պատճառած անսովոր մթնոլորտի մը ազդեցութեան տակ։ Բայց մարդուս մէջ տպաւորուած տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ո՛չ մէկ արգելք, ո՛չ մէկ ստուեր կրնայ խափանել կամ կասեցնել վերամուտի ոգեւորութիւնը։

Չկա՛յ մէկը, որ վերամուտի ոգեւորութիւնը ապրած չըլլայ իր կեանքի ընթացքին։ Տարի՜ներ առաջ որպէս աշակերտ այս ոգեւորութիւնը ապրողներ, տարիներ վերջ նոյն ոգեւորութիւնը կ՚ապրին իրենց զաւակներուն հետ որպէս ծնողներ, եւ նաեւ՝ որպէս մեծ ծնողներ՝ իրենց թոռնիկներուն համար։ Բայց ամէն շրջանի կ՚ապրուի այս քաղցր եւ յուզումնալից ոգեւորութեան պահերը։ Ոմանք կ՚ապրին վերամուտի ուրախութիւնը որպէս աշակերտ, ոմանք կ՚ապրին վերամուտի ոգեւորութիւնը՝ անցեալի մէջ մնացած յիշատակներ նորոգելու, վերապրելու այդ խանդավառ պահերը եւ կարծես մխիթարանք մը կ՚ըլլայ իրենց համար։ Ուրեմն մանուկ, երիտասարդ, հասուն տարիք, տարիքոտ կամ ծեր, բոլորն ալ, թէեւ ամէն մէկը տարբեր զգացումներով եւ տարբեր յուզման աստիճաններով, կ՚ապրի՛ն վերամուտի ոգեւորութիւնը իրենց ընտանիքներուն, տուներուն մէջ։

Կան ալ ընտանիքներ, որոնց համար վերամուտը միշտ նոյն ազդեցութիւնը կը գործէ՝ դպրոցի օդը շնչել անոնց համար կարծես պահանջք մըն է, աւելին՝ կեանքի մղիչ ուժը, ներուժ մը եւ զայն կ՚ապրին միշտ նոյն զգացումներով, նոյն ոգեւորութեամբ, հետզհետէ բարդուող եւ զօրացող անիմանալի, անբացատրելի յուզումով մը։

Ուսուցչի մը, դաստիարակի մը, կրթական մշակի մը ընտանիքը ամբողջութեամբ, իւրաքանչիւր անդամը աւանդաբար կ՚ապրի այդ յուզումնալից խանդավառութիւնը, կը վայելէ զայն ամէն տարի՝ քաղցր յիշատակներու ընկերակցութեամբ։

Արդարեւ, ուսուցիչը մի՛շտ ուսուցիչ է՝ պաշտօնապէս եթէ վերջանայ իր նուիրական ծառայութիւնը, անիկա կը մնայ միշտ «ուսուցի՛չ»։ Ան միշտ ուսուցիչ կը մնայ, քանի որ ուսուցչութիւնը պարզ պաշտօն մը չէ, այլ՝ կոչո՛ւմ մը, նման հոգեւորականի՝ որ միշտ հոգեւորական կը մնայ, եթէ նոյնիսկ պաշտօնական ծառայութեան մը կոչուած կամ տնօրինուած չըլլայ։ Եւ կարծեմ, նուիրական ծառայութեան եւ որեւէ ասպարէզի, գործի հիմնական եւ էական տարբերութիւնն ալ այս կէտին վրայ կը կայանայ։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, ուսուցիչը միշտ նոյն զգացումներով, նոյն ջերմեռանդութեամբ կը դիմաւորէ վերամուտը։ Վերամուտը անոր համար վերստին կեանքի կոչուիլն է. վերապրիլ եւ վերակենդանանալ եւ գտնել իր բո՛ւն տեղը։

Եւ այն ընտանիքը, որուն անդամներէն մին ուսուցիչ է՝ կրթական մշակ, միւս բոլոր անդամներն ալ աւանդաբար կը հասնին նոյն զգացումներով, նոյն մթնոլորտին մէջ, եւ վերամուտը անոնց համար պարզ վերամուտ մը՝ դպրոցական նոր շրջանի մը սկիզբը չէ՛, այլ՝ նոր կեանքի մը սկզբնաւորութիւնը։

Վերամուտի օրը կարծես «Բարեկենդան» մըն է, որ կ՚աւետէ նոր շրջան մը աշխատանքի եւ զգաստութեան։

Եւ այս տրուպ գրիչն ալ պատիւը ունեցած է ճշմարիտ ուսուցչի մը, նուիրեալ կրթական մշակի մը՝ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի ընտանիքի մէկ անդամը ըլլալու, հետեւաբար երբեք չէ վերջացած վերամուտներու առթիւ զգացուած ոգեւորութեան ապրումները՝ թէ՛ յիշելով աշակերտութեան երանելի՜ շրջանները եւ թէ՛ վերապրելով Աննիկ Գալփաքճեանի ամէն վերամուտի ապրած յուզումը եւ ոգեւորութիւնը։

Երանի՜ որ երէցկին Աննիկ ապրեր եւ ապրեցուցեր է այդ երջանիկ օրերը եւ այդ ապրումները փոխանցեր է ապագայ սերունդներու եւ մեզի…։

Ահաւասիկ, այս անկեղծ զգացումներով ստորեւ կը ներկայացնենք Աննիկ Գալփաքճեանի գրի առած գաղափարները եւ զգացումները, որոնք իրապէս չենք յիշեր, թէ ե՛րբ գրուած եւ արտասանուած են։ Բայց չէ՞ որ ճշմարիտ խօսքեր, անկեղծ զգացումներ եւ շինիչ գաղափարներ մշտնջենաւոր են՝ չեն սահմանափակուիր ժամանակով։ Ուրեմն վստահելով այս իրողութեան՝ կու տանք իր գրի առնուած խօսքը վերամուտի մը առթիւ։

«Դպրոցին եւ ուսուցիչին պարտականութիւնն է կեանքի պատրաստել իրենց յանձնուած սերունդները։

«Թէ ի՞նչ է կեանքը։ Կեանքը աշխատութիւն է, կեանքը արտադրել է, բայց նաեւ կեանքը ստեղծել է։

«Մինչեւ այսօր, մինչեւ սա պահը սորվեցանք կեանքի ամէն տեսակ դըժ-ւարութիւնները յաղթահարելու զանազան միջոցներէն հազիւ մի քանին։ Բայց բաւարար չեն մեր մինչեւ այսօր սորվեցուցածները եւ ձեր սորվածները։ Այս պատճառով ամէն վերամուտ շարունակութեան սկիզբ մըն է մեր սորվեցուցածները եւ ձեր սորվածները քայլ մը առաջ տանելու, լրացնելու եւ ամբողջացնելու մեր գիտելիքները, որպէսզի կեանքի լա՛ւ պատրաստուինք։

«Ան բոլոր գիտելիքները որ սորվեցաք, եթէ տեղին կիրարկէք, ձեր կեանքի ընթացքը պիտի դիւրանայ եւ դպրոցը եւ ուսուցիչը պիտի հասնին իրենց էական նպատակին։ Ուրեմն, սիրելի տղաք, ձեր յաջողութիւնը մե՛ր յաջողութիւնն է. երբեք մի՛ մոռնաք ասիկա։

«Սակայն կեանքը, ինչպէս գիտենք, մինակ չ՚ապրուիր։ Ուստի ձեր ստացած փորձառութիւնները պէտք է բաժնէք նաեւ ուրիշներու հետ։

«Հոս պէտք է հարց տալ, թէ ի՞նչ է կեանքի մէջ յաջողութիւնը։ Օգտակար ըլլալ միայն ինքզինքի՞ն, թէ օգնել եւ օգտակար ըլլալ նաեւ ուրիշին՝ ուրիշներուն։

«Կեանքի մէջ յաջողելու համար չի բաւեր սորվածները լաւագոյնս եւ տեղին կիրարկել. այլ պէտք է նաեւ մտային պաշարներու վրայ աւելցնել նորանոր գիտելիքներ, ուրիշ խօսքով, ըլլալ արտադրող եւ ստեղծող։

«Արտադրելու համար պէտք է քննական ոգի ունենալ՝ տեւական փորձարկել կեանքը եւ որոնել նորանոր միջոցներ, աւելի բարելաւելու համար զայն։

«Այս է ահաւասիկ ճշմարիտ յաջողութիւնը կեանքի մէջ՝ չբաւականանալ սորվածներով եւ հետզհետէ բազմապատկել գիտելիքները։

«Եւ վերամուտը, այս շարունակականութեան անվերջ ճամբորդութեան հանգրուաններէն կամ կայարաններէն մին է։ Կրթական ամբողջ շրջանի մը սկիզբը՝ որուն վերջաւորութեան արդէն պիտի հասնի նոր վերամուտ մը։

«Իրերայաջորդ շրջաններ պիտի սկսին միշտ նոր վերամուտներով։

«Սիրելի տղաք, ամէն սկիզբ պատրաստութիւն մըն է վերջաւորութեան մը, բայց ամէն վերջ ալ սկիզբ մըն է նոր շրջանի մը, նոր կեանքի մը եւ նոր ապրումներու։

«Վերամուտներ երբեք չպակսին ձեր կեանքէն սիրելի տղաք…»։

ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շնորհաւոր վերամուտ բոլոր աշակերտներուն եւ բոլոր կրթական մշակներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք վերամուտի խանդավառութեան ջերմը չե՛ն կորսնցուցած իրենց հոգիներուն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 17, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020