ՁԱԽՈՂ ՄԱՀԱՓՈՐՁ ՄԸ

Հա­յաս­տա­նի Սիւ­նի­քի մար­զի մարզ­պետ Սու­րիկ Խա­չատ­րեա­նի դէմ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձա­խող մա­հա­փորձ մը։ Մարզ­պե­տի ինք­նա­շար­ժին ուղ­ղու­թեամբ կրակ բա­ցուե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ Կա­պան-Գո­րիս ճա­նա­պար­հի 30-րդ քի­լօ­մեթ­րի հատուա­ծին։ Ինք­նա­շար­ժին մէջ կը գտնուէին նաեւ մարզ­պե­տին օգ­նա­կանն ու վա­րոր­դը։ Ձա­խող մա­հա­փոր­ձին հե­տե­ւան­քով ոե­ւէ մէ­կը չտու­ժեց։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Յատ­կա­պէս կա­րե­ւոր գոր­ծե­րով քննու­թեան ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ յա­րու­ցուե­ցաւ քրէա­կան գործ։ Թէ՛ Սիւ­նի­քի տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու եւ թէ Ե­րե­ւա­նէն ու­ղար­կուած պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու աշ­խա­տան­քով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի հա­մա­պա­տաս­խան հե­տաքն­նու­թիւ­նը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, շուրջ եր­կու շա­բա­թէ ի վեր շա­րու­նակ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը կ՚ո­րո­նէին Սիւ­նի­քի մարզ­պե­տի որ­դին՝ Տիգ­րան Խա­չատ­րեա­նը՝ Գո­րի­սի շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցած ծեծ­կռտու­քի մը պատ­ճա­ռով։ Տասն­չորս օր վերջ ան ինք­նա­կամ ներ­կա­յա­ցած էր ոս­տի­կա­նու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նա­պետ Վլա­տի­միր Գաս­պա­րեան ե­րէկ այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայտ­նեց, թէ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ինքն իսկ կ՚ընտ­րէ իր հե­տե­ւե­լիք մար­տա­վա­րու­թիւ­նը։

Յա­մե­նայն­դէպս, հարկ է նշել, որ Սու­րիկ Խա­չատ­րեան այն­պի­սի դէմք մըն է, ո­րու ա­նու­նը յա­ճախ մի­ջա­մուխ կը դառ­նայ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, ձա­խող մա­հա­փոր­ձէն վերջ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Հեր­մի­նէ Նաղ­դա­լեան անդ­րա­դար­ձաւ այս դէպ­քին ու կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի չա­ճա­պա­րել եւ սպա­սել ի­րա­ւա­սու մար­մին­նե­րու պար­զա­բա­նում­նե­րուն։ 

 

 

 

 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015